Հայկական Վարդասայլը արժանացաւ «Քուրրէնդ Մարշըլ» մրցանակին
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ամերիկահայ վարդասայլի ընկերակցութեան կողմէ Փասատինայի 135րդ տարեկան «Վարդերու Շքերթ»ին (Rose Parade) համար պատրաստուած հայկական վարդասայլը արժանացաւ «Քուրրէնթ Մարշըլ» մրցանակին՝ իւրայատուկ իր գաղափարին եւ ձեւաւորման համար:
Երկուշաբթի, 1 Յունուարին տեղի ունեցած շքերթին մասնակցած «Հայկական Մեղեդիներ» սայլը յարգանքի տուրք մըն էր հայկակական երաշտութեան, իսկ անոր վրայ կային հայկական աւանդական տարազներ հագած հայ մայր մը եւ անոր դուստրը, որոնք շրջապատուած էին հայկական աւանդական երաժշտական գործիքներով, հայկական խորհրդանիշներով եւ թռչուններով՝ լուսարձակի տակ առնելով ընտանիքներու եւ համայնքներու պահպանութեան մէջ հայ կիներուն կենսական դերակատարութիւնը։
Վարդասայլին ընկերացան Կլենտէյլի «Լիլիա Մարգարեան» պարախումբէն 10 սաներ, որոնք ներկայացուցին հայկական աւանդական պարեր 6.5 մղոն երկարութեամբ շքերթին ընթացքին։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ