Ռայի. «Մեր սիրտը արիւն կու լայ հարաւային սահմանագիծի բնակիչներուն համար»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ ցաւալի է լիբանանցիները տեսնել աղքատութեան եւ տնտեսական սուր տագնապի մէջ:
«Սակայն այս իրականութիւնը զարմանալի չէ, որովհետեւ անճիտուած Լիբանանը իր հսկայ կարողութիւններով դարձած է փտածներուն ստրուկը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անոնք ճիգ չեն խնայեր հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու առումով:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղաքաղաքներու բնակիչները ցաւ յայտնած են, որ պետութիւնը լքած է զիրենք եւ իրենց նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները չի կատարեր` զանոնք ձգելով պատերազմի ճակատագիրը դիմակայելու ընթացքի մէջ:
«Անոնց փոխանցած նամակներէն կը հասկնամ, թէ անոնք ձգուած են իրենց ճակատագիրին եւ առանձինն կը դիմագրաւեն պատերազմին պարտադրած վախն ու հոգեբանական ճնշումները` զրկուելով ամէն տեսակի վայելքէ, իսկ երեխաները` նոյնիսկ կրթութենէ», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Ան հաստատեց, որ հարաւային սահմանագիծի իրենց հայրենակիցները կ՛ընդգծեն, թէ իրենք կը մերժեն ծառայել իբրեւ մարդկային վահաններ, ինչպէս նաեւ կը մերժեն կռուախնձոր դառնալ մահուան մշակոյթին, որ միայն վերացական յաղթանակներ կ՛ապահովէ:
«Մեր սիրտը արիւն կու լայ հարաւային սահմանագիծի բնակիչներուն համար, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք անոնց ամէն իմաստով օժանդակելու», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնալիբանանի կալուածներու պետական հաստատութեան փակ մնալու իրականութեան` նկատել տալով, որ հասկնալի չէ, որ այդ հաստատութիւնները փակ պահուին եւ լիբանանցիներուն աշխատանքները արգելակուին` անոնց մէջ աշխատող քանի մը պաշտօնեայի ձերբակալութեան համար:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ