Կտրականապէս դէմ ենք, որ Կազայի մէջ եղածը Լիբանանի մէջ եւս կրկնուի . ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիո Կութերեշ յայտարարած է Լիբանանի մէջ իրավիճակի սրման մեծ սպառնալիքի մասին։ Անոր կարծիքով՝ պէտք է ամէն ինչ ընել, որ Լիբանանի մէջ չկրկնուի այն, ինչ տեղի կ՚ունենայ Կազայի հատուածին մէջ։
«Որքան երկար շարունակուի հակամարտութիւնը Կազայի մէջ, այնքան մեծ է մագլցումի եւ սխալ հաշուարկներու վտանգը: Մենք չենք կրնար Լիբանանի մէջ ականատեսը դառնալ անոր, ինչ կը տեսնենք Կազայի մէջ: Եւ մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ շարունակուի այն, ինչ կը կատարուի Կազայի մէջ»,- գրած է Կութերեշը X-ի իր էջին:
Անոր խօսքով՝ ՄԱԿ-ը պատրաստ է օգտագործելու իր բոլոր միջոցները Լիբանանի շուրջ լարուածութիւնը թուլացնելու համար։
Նշենք, որ Յունուար 7-ին իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումն օդային հարուածներ հասցուցած է Մերոն լեռան վրայ գտնուող Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու կայանին: Այնուհետեւ լիբանանեան շարժումը մօտ 40 հրթիռ արձակած է ռազմակայանի վրայ։ Յունուար 8-ին Իսրայէլը հակահարուած տուած է Լիբանանին։ Խոցուած թիրախներու շարքին են գրոհայիններու ռազմական համալիրը Մարուահինա շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ հրթիռային կայան Այտա ալ-Շապ շրջանին մէջ: «Հըզպալլա»-ի բարձրաստիճան հրամանատար Ուիսամ ալ-Թաուիլը սպանուծ է Իսրայէլի յարձակման հետեւանքով:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ