Իտալիոյ Խորհրդարանին մէջ՝ «Մեր Ժամանակներու Մշակութային Ցեղասպանութիւնը...» գիրքին շնորհահանդէսը
23 Յունուարին, Իտալիոյ Երեսփոխաններու պալատի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր Ժամանակներու Մշակութային Ցեղասպանութիւնը. Նախիջեւան. Հայկական Մշակոյթի Եւ Պատմութեան Ոչնչացումը» խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը։
Անթոնիա Արսլանի եւ Ալտօ Ֆերարիի հեղինակած սոյն հատորը լոյս տեսած է Guerini e Associati հրատարակչութեան կողմէ (Միլանօ, 2023)։
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան գրող, գիրքին խմբագիր Անթոնիա Արսլան, Իտալիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճուլիօ Չենթեմերօ, Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանի դասախօս Ալտօ Ֆերարի, Հռոմի «Risorgimento - Վերածնունդ» կեդրոնական թանգարանի տնօրէն Մարքօ Փիցցօ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ