Որոնել

Շարլ Միշէլ Շարլ Միշէլ  (AFP or licensors)

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Միշել վաղաժամկէտ պիտի լքէ իր պաշտօնը

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միշել լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ իր յաջորդին անունը կրնայ հրապարակուիլ յունիսի վերջին կամ յուլիսի սկիզբին:

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշել վաղաժամկէտ պիտի լքէ իր պաշտօնը եւ պիտի մասնակցի Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն: Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարի եւ երեսփոխանի պաշտօնները չեն կրնար համատեղուիլ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միշել լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ իր յաջորդին անունը կրնայ հրապարակուիլ յունիսի վերջին կամ յուլիսի սկիզբին:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Պելճիքայի «Բարեփոխումներու շարժում» կուսակցութեան ցանկով: Ան այդ կուսակցութիւնը ղեկավարած է 2011-էն 2019:

Միշել իր ներկայ պարտականութիւնները պիտի կատարէ մինչեւ 16 յունիս` Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանի երդման արարողութիւնը: Եթէ մինչ այդ անոր յաջորդի թեկնածութեան հարցը չլուծուի, ապա Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարի պաշտօնակատարը պիտի ըլլայ Հունգարիոյ ներկայացուցիչը, որովհետեւ այդ ժամանակ Հունգարիան պիտի նախագահէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին:

Շարլ Միշել 48 տարեկան է: Ան պելճիքացի է, Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարի պաշտօնը ստանձնած է 2019 թուականին` փոխարինելով Տանըլտ Թուսքը: Մինչ այդ, քաղաքական գործիչը վարած է Պելճիքայի վարչապետի պաշտօնը եւ եղած է երկրի կառավարութեան ամէնէն երիտասարդ ղեկավարը:

Միշելի պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտի նոյեմբեր 2024-ին: Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները նշանակուած են յունիսի սկիզբին: Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը կը նշանակուի երկուքուկէս տարիով` նոյն ժամկէտով անոր լիազօրութիւնները երկարաձգելու կարելիութեամբ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2024, 10:00