Որոնել

Մարոնիներուն Ռայի պատրիարքը Մարոնիներուն Ռայի պատրիարքը 

Ռայի. «Պէտք է յանձնառու մնալ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ Լիբանանն ու Լիբանանցիները զերծ կացուցել Կազայի դէմ Իսրայէլեան պատերազմէն»

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց խորհրդարանին ընտրելու հանրապետութեան նախագահը եւ փրկելու լիբանանցիները, անոնց դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներէն:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնէութեան յատկանիշներէն հիմնականը խաղաղութիւնն է` աւելցնելով, որ այդ պատճառով է, որ եկեղեցին միշտ կը դատապարտէ պատերազմները եւ կոչ կ՛ուղղէ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ տագնապները բանակցութեամբ եւ դիւանագիտական միջոցներով լուծելու:

«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ կը հաստատենք, որ Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւով: Պէտք է յանձնառու մնալ այդ բանաձեւին գործադրութեան եւ Լիբանանն ու լիբանանցիները զերծ կացուցել Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմէն», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ խորհրդարանին ընտրելու հանրապետութեան նախագահը եւ փրկելու լիբանանցիները, անոնց դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներէն:

Ռայի պատրիարքը շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին նախագահեց Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան տօնի յատուկ արարողութեան, որուն ընթացքին ան դարձեալ հաստատեց, որ Լիբանան պէտք չէ այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու դէմ մղուած պատերազմին մէջ ներքաշուի եւ անոր հետեւանքները հանդուրժէ:

Ան վերահաստատեց թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան նախանձախնդիր մնալը` աւելցնելով, որ պէտք է ինքնազսպումի ենթարկուիլ եւ Լիբանանը հեռու պահել` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին մէջ ներքաշուելէ:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը Լիբանանի կառավարութեան կը պատկանի` ընդգծելով, որ պէտք է վերջ տալ բախումներուն եւ լուծումներ գտնել դիւանագիտական միջոցներով:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ եթէ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն պատկանելիութիւնը միայն Լիբանանին ըլլար, ապա անոնք հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրէին եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին գործունէութեան յանձնառու կը մնային:

Նշենք, որ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան այցելեց Ռայի պատրիարքին, որուն հետ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ առաջին եւ վերջին լուծումը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է: Ան նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարելու իւրաքանչիւր փորձ Լիբանանին հարուած հասցնելու միտում կ՛ընդգրկէ իր մէջ:

Քանաան շեշտեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ փորձեց բարեփոխել 2024-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները այդ ամավարկը վաւերացնելու պարտականութեան առջեւ կը գտնուին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2024, 08:16