Ատրպէյճանը կրօնական ազատութեան լուրջ խախտումներով երկիր. Դիտարկում ԱՄՆ-էն
Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանը ներառած է յատուկ դիտարկման երկիրներու ցանկին մէջ՝ կրօնական ազատութեան լուրջ խախտումներու կամ անհանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու համար։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հրապարակած է հաղորդագրութիւն, որուն մէջ ըսուած է.
«Կրօնի կամ հաւատի ազատութեան խթանումը եղած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական նպատակը այն պահէն սկսած, երբ Քոնկրեսը 1998 թ. ընդունած եւ կիրառած է Կրօնական ազատութեան մասին միջազգային օրէնքը: Այս շարունակական յանձնառութեան շրջածիրէն ներս, ես Պիրման, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւնը, Քուպան, ԿԺԴՀ-ն, Էրիթերիան, Իրանը, Նիքարակուան, Փաքիստանը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, Տաքիկստանը եւ Թուրքմենստանը ներառած եմ յատուկ մտահոգութիւն առաջացնող երկիրներու ցուցակին մէջ, ուր թոյլ կը տրուին կրօնի ազատութեան լուրջ խախտումներ:
Բացի այդ, ես Ալժիրը, Ատրպէյճանը, Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, Քոմորեան կղզիները եւ Վիեթնամը ներառած եմ յատուկ դիտարկման երկիրներու ցանկին մէջ՝ կրօնական ազատութեան լուրջ խախտումներու կամ անհանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու համար:
Կառավարութիւնները պէտք է վերջ դնեն այնպիսի չարաշահումներուն, ինչպիսիք են յարձակումները կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու անդամներու եւ անոնց պաշտամունքի վայրերու վրայ, համայնքային բռնութիւնները եւ երկարատեւ բանտարկութիւնը խաղաղ արտայայտման համար, անդրազգային բռնաճնշումները եւ կրօնական համայնքներու նկատմամբ բռնութեան կոչերը:
Շնորհիւ այն մարդոց կայուն յանձնառութեան, որոնք չեն ուզեր ընդունիլ ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը եւ հետապնդումը որպէս «ստատուս քո», օր մը մենք կը տեսնենք աշխարհ մը, ուր բոլոր մարդիկ կ՚ապրին արժանապատուօրէն եւ հաւասար»:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ