Որոնել

2023.11.18 Peter Stano portavoce Ministro Relazioni Estere UE

ԵՄ կը զգուշացնէ Պաքուն. «Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ»

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին ի պատասխան` այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանոն, անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ու սպառնալիքներ պարունակող վերջին յայտարարութիւններուն:

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին յստակ ուղերձներ կը փոխանցէ, որ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին ի պատասխան` այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանոն, անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ու սպառնալիքներ պարունակող վերջին յայտարարութիւններուն:

«Մենք սերտ կապի մէջ եղած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ` առանց յոգնելու կրկնելով մեր աջակցութիւնը երկու երկիրներու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ հիմնախնդիրները բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելուն: Մեր հաղորդակցութեան ուղիները կը մնան բաց:

«Եւրոպական Միութիւնը կ՛օգտագործէ բոլոր կարելիութիւնները Ազրպէյճանին յստակ ուղերձներ հաղորդելու, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ մեր յարաբերութիւններուն վրայ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:

«Մենք կը մնանք հաստատուն այս դիրքորոշումին մէջ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելը եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը կը շարունակեն իրենց ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար», ըսած է Սթանօ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2024, 11:11