Որոնել

Ուաշինկթըն Ուաշինկթըն  (AFP or licensors)

Քոնկրեսականներ կը պահանջեն երաշխաւորել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահները ընդգծեցին, որ ժամանակն է պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ հայերուն դէմ իր ձեռնարկած գործողութիւններուն համար:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահները կը դատապարտեն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վտանգաւոր հռետորաբանութիւնը, որուն միջոցաւ ան պահանջներ կը ներկայացնէ հայկական տարածքին նկատմամբ եւ կը մերժէ զօրքերը դուրս բերել Հայաստանէն: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտարարութիւն մը տարածեց քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն:

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահները ընդգծեցին, որ ժամանակն է պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ հայերուն դէմ իր ձեռնարկած գործողութիւններուն համար:

«Նախագահ Ալիեւի վերջին հռետորական յայտարարութիւնները, ներառեալ անոր՝ Հայաստանի տարածքէն զօրքերը դուրս բերել մերժելը, կը հետեւին այն նոյն օրինակին, զոր ան օգտագործեց նախորդ աշնան, Արցախի մէջ առաւել քան 100,000 հայերու ցեղային զտման նախապատրաստուելու շրջանին: Ան թշնամական յայտարարութիւններ կը կատարէր, այդ յայտարարութիւնները կ՛օգտագործէր իր զինուած ուժերու հետագայ զօրահաւաքը արդարացնելու համար, իսկ ապա յարձակողական գործողութիւններու կը ձեռնարկէ, որովհետեւ ան կը կարծէ, թէ հետեւանքներ պիտի չըլլան: Միջազգային հանրութիւնը, դժբախտաբար, վերջին քանի մը տարիներուն իր անգործութեամբ ապացուցեց անոր իրաւացիութիւնը: Ժամանակն է անոր վարչակարգը պատասխանատուութեան ենթարկելու՝ ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ հայերուն դէմ անոր ձեռնարկած գործողութիւններուն համար: Միացեալ Նահանգները եւ մեր տարածաշրջանային գործընկերները պէտք է օգտագործեն բոլոր դիւանագիտական գործիքակազմերը, ներառեալ՝ պատժամիջոցներ, որոնք կ՛օգնեն երաշխաւորելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը հակազդեն Ալիեւի բացայայտ սպառնալիքներուն: Մենք կոչ կ՛ուղղենք արտաքին գործոց նախարարութեան եւ մեր միջազգային գործընկերներուն՝ անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկելու` կասեցնելու համար Ատրպէյճանի հետագայ որեւէ յարձակում եւ ապահովելու Հայաստանի ապահովութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2024, 08:56