Դանիէլ Վարուժանի 140-ամեակի ընդառաջ Կանտի պատմական համալսարանէն՝Հայաստանին
Ինչպէս ծանօթ է արեւմտահայ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութենէն՝ 1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելժիա եւ կ՚ընդունուի Կանտի համալսարանը, որ պատմական համալսարան է Պելժիոյ հոլանտախօս հիւսիսը գտնուող Կանտ քաղաքին մէջ: 1905-1909 թուականներուն Վարուժան կ՚ուսանի այդ համալսարանին մէջ:
Ուսանողական տարիները էական դեր կը խաղան գրողի կազմաւորման մէջ. ան կը հետեւի ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու, կ՚ուսումնասիրէ գրականութիւն եւ ընկերային ուսմունքներ: Վարուժանի գեղագիտական հայեացքներուն ձեւաւորման կը նպաստէ նաեւ պելժիացիներու բարձր մշակոյթը. ան խորազնին կ՚ուսումնասիրէ 17-18-րդ դարերու իրապաշտ նկարչութիւնը եւ կը տարուի 20-րդ դարու հռչակաւոր բանաստեղծ Էմիլ Վերհառնի բանաստեղծութիւններով: Այսօր Կանտի այդ հնագոյն համալսարանի գրադարանի դահլիճին մէջ դրուած է Դանիէլ Վարուժանի դիմաքանդակը եւ դիմաքանդակին վրայ ալ փորագրուած են բանաստեղծին հետեւեալ խօսքերը.
«Ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
երբոր երազը կ՚ապրի,
երբոր երազն անմահ է»:
Դիմաքանակին վրայ նաեւ ֆրանսերէն ու ֆլամաներէն արձանագրութիւններ կան։ Համլսարանը ըստ արժանւոյն գնահատած է իր նշանաւոր հայայզգի սանը: Անոր դիմաքանդակը համալսարանին մէջ դրուած է տակաւին 1958 թուականին, իսկ 2019 թուականին Կանտի համալսարանը գիտական հանդէսի մը յատուկ թողարկում կազմած է՝ նուիրուած Դանիէլ Վարուժանին: Այդ հանդէսը օրերս հասաւ Հայաստանի Ազգային գրադարան եւ արժէքաւոր նուէր դարձաւ Դանիէլ Վարուժանի 140-ամեակին ընդառաջ, որ կը լրանայ այս տարի: Հայաստանի Ազգային գրադարանէն կը տեղեկանանք, որ Կանտի համալսարանի դասախօս, դասական հայերէնի մասնագէտ փրոֆ. Փիթըր Վան Նուֆելէնի խմբագրութեամբ հատորը խորագրուած է «Դանիէլ Վարուժան. հայ բանաստեղծը Կանտի մէջ. հարիւր տարի անց»: Ծաւալուն հատորը կը բացուի Փիթըր Վան Նուֆելէնի եւ Սիմոն Փայասլեանի համանուն յօդուածով:
Վարուժանին նուիրուած այդ յատուկ թողարկման մէջ զետեղուած են նաեւ Փիթըր Մեսսմեկէրի եւ Քրիստոֆ Վերպրուէյնի «Oտարերկրացի ուսանողները Կանտի համալսարանին մէջ, 1900-ական թուականներուն», ամերիկահայ հայագէտ Սիմոն Փայասլեանի «Դանիէլ Վարուժանը Կանտի համալսարանին մէջ (1905-1909)», ֆրանսահայ գրող, գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեանի «Ես տեսայ Եւրոպան-Դանիէլ Վարուժան. պատկերներու ոչնչացման ժամանակըե», գրականագէտ, իմաստասէր Մարկ Նշանեանի «Դանիէլ Վարուժան. սուգ եւ աստուածներ» եւ այլ յօդուածներ:
Հայաստանի Ազգային գրադարանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի այլ հայագիտական, մշակութային, կրթական կառոյցներ կը պատրաստուին զանազան միջոցառումներով նշելու 20-րդ դարու արեւմտահայ մեծ բանաստեղծի 140-ամեակը: Յոբելեանը կը նշանաւորուի նաեւ սփիւռքի մէջ, ուր, դպրոցներներէն ներս Վարուժան ամենասերտուած եւ սիրուած հեղինակներէն է: Իսկ մինչ այդ կարդանք Կանտէն Վարուժանի՝ զանազան տարիներու գրուած նամակներէն.
ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՔԱՍԳԱՆՏԻԼԵԱՆԻՆ
3-6 փետրուար, 1906, Կանտ
Սիրելի Հայր Արիստակէս Վարդապետ Քասգանտիլեան,
Ստացայ Ձեր քարտը։ Բախտի անակնկալ մ՚եղաւ ան։
Շնորհակալութիւն Ձեր շնորհաւորութեանց։
Քերթուածները, եթէ ունին իրաւցնէ գեղարուեստի ցոլք մը՝ Ձեզի կը պարտիմ. այս բանս յայտնել չեմ լռեր եւ չեմ ալ ըսեր՝ լոկ քաղաքավարութեան կեղծ ներշնչման մը գերի։ Ոչ մէկ հայերէնի վարժապետ իմ վրայ այնքան ազդած չէ, որքան Դուք։ Միւսներուն դասերը ինծի սորվեցուցին՝ գիտնալ. Ձերիններն՝ ստեղծել։ Միւսները աւելի անձնասէր եղան. միւսները ես միշտ պիտի յարգեմ, բայց զձեզ պիտի սիրեմ։
Ձեր քարտը զիս թելադրեց երէկ, հին տետրակներս քրքրելու. անոնց դեղին էջերուն խորը Վոսփորի բնութեան դէմ դիմաց գտայ Ձեր ձեռագիրը, եւ այդ յիշատակը այսօր քաղցր յիշատակ մըն է ան ինծի՝ մինչ օր մը բեղմնաւորիչ եղաւ եւ օգտակար, եւ կը զգամ, որ հոն՝ սրբագրուած հմուտ, Ձեզմէ քաշուած իւրաքանչիւր ջնջումի գիծ ճառագայթ մ՚եղաւ իմ այս փոքր յառաջադիմումիս, զոր ապահով եմ, տակաւին օգնել կարող է մտքի թիզով մը չափուելու։
Կը հարցնէք, թէ հոս ի՛նչ կը սորվիմ. իբր ազատ ուսանող կը յաճախեմ համալսարանի գրական եւ իմաստասիրական ճիւղին։ Զարգացման ամէն պայման կը գտնեմ։ Յուսամ, թէ երեք տարիէն բան մը ձեռք կը բերեմ։ Այս ճիւղին բերումն զգացի, անոր յարումիս համար ոեւէ՛ օգնութիւն չզլացուեցաւ։ «Բայց օգուտը», պիտի ըսէք, ո՛վ կը մտածէ օգուտը, բաւ է, որ ան գեղեցիկն է. ամէն օգուտ Ապագան կը հասունցնէ. ո՞վ գիտէ Ապագան։ Գեղեցիկը միայն մեզի հետ կը ծնի եւ կը մեռնի մեզի հետ։
Ի՛նչ որ է։
Մէկ խօսքով՝ Ձեր քարտը անհունօրէն ուրախացուց զիս. գուցէ Ձեր հոգիէն մաս մը կար հոն, զոր զգացի ես ամբողջ չորս տարուան մոխիրին տակ՝ դեռ ջերմ ու տրոփուն։
Քաջառողջ եղէք եւ երջանիկ. համբուրելով Ձեր սուրբ աջերնիդ, կը մնամ։
նախկին սան Ձեր՝
Դ. Վարուժան
ԹԷՈԴԻԿԻՆ
22-25 մարտ, 1909, Կանտ
Սիրելի Թէոդիկ,
…Գիրքիս համար խորհուրդ կու տաս, որ դիմեմ Ս. Ղազար խրախուսուելով «Սարսուռներուս» Վանքին տպարանէն ելլելէն։ Կը տեսնեմ, որ դուն այդ զաւեշտը տեսնելու պատիւը չես ունեցած։ «Սարսուռները» նախ «Գեղունիի» մէջ հրատարակուելէ վերջ (ինչ որ իրենց ոեւէ աւելորդ ծախք ընել չէր տար), կազմեցին յատուկ գրքոյկ մը եւ առանց ամչնալու՝ ինձմէ առին… թուղթի ծախքը 60 ֆրանք:
Քահանաներուն խօսքը կրօնքին ռեքլամն է. իրենց խօսքը քաղցր է իրենց աղօթքին պէս, բայց իրենց սիրտը սեւ է իրենց գտակին պէս։ (Ես քու հաւատքի համոզումները չեմ գիտեր, ուստի ներէ՜, եթէ բացատրութեամբ կրօնական զգացումդ կը վիրաւորեմ)։ Ես դեռ չեմ ըմբռնած, թէ ի՛նչ տեսակ գծուծ զգացումներ պէտք էին ունենալ, որ նոյնիսկ պահանջեցին 60 ֆրանքի պէս չնչին գումար մը, որ հազիւ իր իւղովը տապակուող ուսանողի մը համար գուցէ շատ բան է։ Այնուհանդերձ ես ամչցայ, երբ ուղարկեցի 60 ֆրանքը։ Պիտի ուզէի 660 ֆրանք ուղարկել, mandat-ին ներքեւ գրելով. «Հալեցուցէ՛ք եւ խմեցէք, ազնւութեան ծարաւիներ»։
Վանքը փճացած է. քանի մը քահանաներ կան միայն, որ իսկապէս յարգուելու արժանի են. միւսներուն ոտքին կոխած տեղը մողէզ կը սողայ։ Վանքը գերեզմանատուններ կան միայն, որոնք սոսկ նուիրական են։ Խե՜ղճ ոսկորներ իմ սիրելի Ալիշանիս, որքա՜ն պիտի ուզէի ազատել զձեզ եւ ծոցիս մէ՛ջ միայն թաղել։
Բայց պիտի հարցնես, թէ ի՛նչ հարկ կայ գրել քեզի այս բոլորը. ճիշդ է։ Կը խնայեմ ժամանակիդ։ Ըսի, վասնզի մարդ այն աչքը կը ճմռէ, որ կը ցաւի։ Վանքն իմ աչքս է, ճպռոտ աչքս։
Շնորհակալ եմ, որ «Կարօտի նամակ» քերթուածիս արտասանելու պատճառ եղեր ես։ Ասոնք մխիթարութիւններն են, որ քեզ նման ազնիւ բարեկամներ միայն կարող են առթել։ «Անահիտի» մէջ «Արմէնուհիէն» տուն մը զեղչեր են։ «Վահագնի» ոճով մտադիր եմ Հայոց պատմութենէն քանի մը երգի նիւթ հանել։ Պիտի բաղձայի քու գրական նորութիւններդ իմանալ եւ ուրախանալ։ Կը կնքեմ նամակս սիրով եւ մաղթելով գրչիդ նորանոր թոյրեր։
Դ. Վարուժան
ՍԱՀԱԿ ՀԱՃԵԱՆԻՆ
Փետրուար, 1906, Կանտ
Արհի(ապատիւ) գեր(ապայծառ)
Տէր Հաճեան.
Միջավայրի եւ պարագաներու պատճառաւ դժբախտաբար ուշ տեղեկացայ Ձեր յիսնամեայ յոբելեանին։ Եւ ես շատ ուշ կը բերեմ ահա բեռը զգացումիս ծաղիկներուն… գուցէ անոնց ծանրութենէն։
Պատանութենէս ի վեր գրեթէ գիտակցութեանս հետ ճանչցած եմ այն կուռ բարութիւնը Ձեր հոգւոյն, որ այսօր՝ 50 տարուան պայքարէ վերջ, իր այնքան յորձանքէն յաղթական դէպի փառքի արեւուն կը բարձրանայ՝ աղաւնիի մը թեւէն աւելի մաքուր եւ արծիւի մը պարանոցէն աւելի վեհ։
Ձեր գործերը սրտիս մէջ կը թուեմ եւ կը հիանամ դպրոցներու կանգնումէն մինչեւ այս վերջի տեղապահութեան պաշտօնը. առաջինին դրուատիքը թող մանուկները պատմեն ու վերջինինը ծերերը։
Պարծա՜նք Բրգնկայ։
Պարծա՜նք անոր, որ եթէ ժամանակ մը ապրածս եղաւ, այդ իր երէկուան լեղիին ու քացախին մէջ Ձեզ համար այսօր վարդերու հեղեղ մը կը հասունցնէ. վաղը արհ(իապատիւ) Տէր, Ձեր անուան յաւերժութեան համար իր հազարաւոր որդիները դափնիներու պիտի փոխակերպեն։
Գալով իմ մասին, խոնարհ համբոյրներ Ձեր սրբազան մատանիին, համբոյրներ Ձեր սուրբ աջին, որուն ներքեւ ամբողջ ժողովուրդ մը առաջնորդուեցաւ դէպի լոյսն ու կրակը։
Այս քանի մը տողերուն մէջ կը բերեմ, այնքան շատերու հետ, նաեւ իմ բարեմաղթութիւնները եւ կը դնեմ հոգիս, սիրտս Ձեր փառքի այն յուշարձանին ստորոտը, որուն գագաթը մեծերը միայն կը քանդակուին։
Մնամ Ձեր սրբազան մատնինիդ համբուրելով, խոնարհ ծառայ
Ձեր Դ. Վարուժան
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻՆ
19 յուլիս, 1909, Կանտ
Գերապատիւ Հայր,
Ընդունած եմ յունիսի ամսաթոշակս ինչպէս նաեւ 100 ֆրանք քննութեանցս համար, որոյ համար խիստ շնորհակալ եմ։ Յուլիսի վերջերը քննութիւններս կու տամ եւ վկայականս առնելուս պէս կը մեկնիմ Պոլիս եւ անկէ հայրենիք՝ դէպի պայքարը կեանքին եւ գաղափարի յաղթանակին։ Առ այս՝ յուսամ, թէ չէք յապաղիր ուղարկել յանձնարարել առաջիկայ ամսաթոշակիս հետ նաեւ ճանապարհի ծախս, որպէսզի փոխադրեմ գրքերուս օրէ օր ծանրացած բեռը եւ ես ալ ճամբայ ելլեմ անմիջապէս։ Եթէ ուղարկուի ինծի իբրեւ ճանապարհածախս տարեշրջանիս վերջին երեք ամիսներուն (օգոստ., սեպտ., հոկտ.,) 300 ֆրանքը՝ յուսով եմ, թէ բաւական պիտի ըլլայ, որպէսզի հատուցանեմ քանի մը պարտքերս, հոգամ կարեւոր պէտքերս եւ ի վիճակի ըլլամ ուղի ելլելու։
Ներեցէք այսպէս կարճ եւ չոր գրելուս. միտքս յափշտակուած է դասերէս, որոնք նոյնիսկ հոգիէս կը վանեն մօտ օրէն Հայրենիքի հողը համբուրելուս անուշ երազները նաեւ։
Յարգանքներով միշտ խոնարհ Ձերդ
Դ. Վարուժան
ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ
23 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ
Սիրելի պ. Չօպանեան,
«Անահիտի» համար կ՚ուղարկեմ քերթուած մը գարնան վերջը յղացուած եւ աշնան սկիզբը քանդակուած։ Եղանակներու այս հեշտօրօր եւ մելամաղձիկ յաջորդութիւնը բանաստեղծութեան մէջ պիտի գտնէք եղած յաջողութիւն հոգեկան երկու յարակից վիճակներու։ Ի՞նչ է Ձեր դատողութիւնը անոր արուեստին նկատմամբ. եթէ ժամանակ ունենաք՝ գրեցէք, գրեցէք միեւնոյն ժամանակ «Մարած օճախի» մասին, զոր այսօր կ՚ուղարկեմ «Բազմավէպին». հայրենական հին յիշատակներէս դրուագ մըն է՝ իր բոլոր գծերուն մէջ խտացուած։
Կը ներփակեմ… «Մեղքը».
Եւ կը մնամ Ձերդ
բարեւներով Դ. Վարուժան
ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ
25-26 դեկտեմբեր, 1906, Կանտ
Սիրելի մեծ Հայր,
Հայր Քերոբէ վարդապետի քարտն Ձեր կողմանէ ստացած եմ. շնորհակալութիւն։ Անորոշ վիճակիս յոյս կը ներշնչէ. չեմ տարակուսիր, թէ կարելի եղածին չափ փութով կը մարմնաւորէք զայն (ինչպէս ըսած եմ ալ) կէս մը պարտքով եւ կէս մը ապառիկով անցուցի այս ամիսը։ - Ովսաննա՜։
Համբուրելով Ձեր սուրբ աջը կը մնամ խոնարհ
Դ. Վարուժան
«ՍԱՍՈՒՆ» ԱՄՍԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
16 ապրիլ, 1909, Կանտ
Կը փութամ յայտնելու շնորհակալութիւնս «Սասուն» ամսաթերթին համար, որուն անդրանիկ թիւէն օրինակ մը ինծի ղրկելու պատիւն ըրած էիք։ Հաճոյքով կարդացի, հաւատացէք, որ ճշմարիտ գրականութեամբ մը խմբագրուած էր ան։ Այդ առաջին թիւը արդէն մէկ կորովի քայլն էր դէպի Ձեր առաջադրած նպատակը։ Կը մաղթեմ որ ոչ մէկ արգելք Ձեզ չկասեցնէ Խօսքին հունտը ցանելու համար մեր կոյս ցեղին անմահական ծոցին մէջ կամ հնչեցնելու անոր դառնացած հոգիին դիւցազնօրօր Երգը. Երգը, որ քերթողներուն կեանքին նպատակն է, իսկ ազգի մը անմահութեան միջոցը։
Կրկին շնորհակալութեամբ՝
յարգանքներով
Դանիէլ Վարուժան
ԱՐՍԷՆ ՂԱԶԻԿԵԱՆԻՆ
20-22 մարտ, 1906, Կանտ
Ձեր նամակը ստացայ. գօտեպնդող էր իր խրախուսանքը, քանի որ վարպետի մը գրչէն կը ցայտէր։ Ըրէք Ձեր դիտողութիւնները. երբ Ձեր լեզուին հիացող եմ՝ հլու եմ Ձեր քննադատութեան։
Իբր գրաբար գիրք «Իլիական» մը եւ «Աստուածաշունչ» մ՚ունիմ միայն։ Կը կ՚արդամ ա՛յն ժամերուն, երբ կը զգամ, թէ հոգիս պէտք ունի մրրկի. կրնայի իբր Զատկի ձօն, Ոլիմպոսի եւ Արնայի վարդերէն Ձեզ գոգ մը ուղարկել, եթէ արդէն անոնց քաղցր բեռը զձեզ չճնշէր։
Այո՛, «Բազմավէպ» կ՚առնեմ. դեռ ականջս է հայկական գոռ խրխինջը Գարտուչչիի նժոյգին։
Հիացումներ հանճարին եւ իր արժանաւոր Թորգոմայ թարգմանչին։
Զատկական բարեմաղթութիւններով
մնամ սրտայօդ ողջոյններով Ձերդ
Դ. Վարուժան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ