Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրաւէրով ապրիլին կը կայանայ գիտաժողով` Ազրպէյճանի գործած ցեղասպանական քաղաքականութեան վերաբերեալ
«Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար գումարեց առցանց երկու նիստեր (8-րդ եւ 9-րդ), նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Ի հետեւումն 19-20 յունուար 2024-ին Անթիլիասի մէջ կայացած «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի խորհրդակցական հանդիպումներու որոշումներուն, առցանց նիստերուն քննարկուեցան Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ գումարելի գիտաժողովին թեման եւ ընդհանուր ուղղութիւնները:
Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն շուրջ 25 պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ պիտի մասնակցին յիշեալ գիտաժողովին, քննելու համար Ազրպէյճանի գործած ցեղասպանութեան գծով միջազգային դատական ատեաններու մօտ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան կոչելու ուղիները:
Գիտաժողովին նկատի առնուած են զեկուցումներ, որոնք պիտի արծարծեն Արցախի պատկանելիութեան, հակամարտութեան էութեան, բանակցային գործընթացին, թուրք եւ ազրպէյճանական դաշինքի գործադրած շարունակական ցեղասպանութեան, Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմին տարբեր արարներուն, Պաքուի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններուն, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի, ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծման հնարաւորութիւններուն եւ հոգեւոր պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման նպատակով միջազգային կազմակերպութիւններու ամբողջական թղթածրարներու պատրաստութեան վերաբերող հարցեր:
Այս քննարկումները պիտի հունաւորուին այնպէս, որ ծառայեն այսօրուան բարդ համապատկերին վերաբերող գործընթացները վերլուծելու եւ իրաւաքաղաքական առումով հայկական կողմին համար գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով որոշ ուղենիշեր ճշդելու:
Վեհափառ հայրապետը վերջին երկու նիստերու ընթացքին յատկապէս շեշտեց կարեւորութիւնը նման դժուարին պայմաններու մէջ մասնագիտական մարդուժը համախմբելու եւ միացեալ քննարկումներով ճամբու քարտէսներու գծման փորձեր կատարելու:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ