Որոնել

Միջազգային կարմիր խաչ Միջազգային կարմիր խաչ 

Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները տեսակցեցան Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող Հայերուն հետ

Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթասկիզբը, կազմակերպութեան աշխատակիցները «ծանօթացած են քաղաքացիներուն կենսապայմաններուն եւ անոնց հետ հարցուփորձ ըրին՝ յայտնաբերելու համար բնակիչներուն կարիքները, եւ թէ իրենք ի՛նչ օգնութիւն եւ ծառայութիւններ կրնան տրամադրել»:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները այս տարուան Յունուարի աւարտին եւ Փետրուարի սկիզբը անգամ մը եւս տեսակցեցան Պաքուի մէջ պահուող հայերուն հետ, որոնց անունները հաստատուած են Ատրպէյճանի կողմէ:

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿի գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի:

«Դրանք պարբերաբար կրկնուող տեսակցութիւններ են, որոնք համաձայնեցւում են տուեալ երկրի ղեկավարութեան հետ», նշեց Ամատունի:

Ըստ անոր՝ տեսակցութիւններուն ընթացքին, ԿԽՄԿի ներկայացուցիչները կը ծանօթանան անոնց կեցութեան տարածքի պայմաններուն, առողջական վիճակին եւ կարելիութիւն կը տրուի կապ հաստատելու իրենց ընտանիքներուն հետ:

Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան աւելի կանուխ հաղորդած էր, որ Պաքու կը հաստատէ իր մօտ 23 հայ գերիներու ներկայութիւնը` հակառակ անոր որ հայկական կողմը փաստացի տուեալներ ունի, որ Պաքու իր մօտ կը պահէ 32 հայ գերիներ:

ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՀԻԿԻ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՄՆԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒՆ
Ատրպէյճանի Կարմիր Մահիկի աշխատակիցները այցելեցին Արցախի մէջ մնացած հայերուն` «գնահատելու համար անոնց կարիքները»:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան` այցելութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթասկիզբը, կազմակերպութեան աշխատակիցները «ծանօթացած են քաղաքացիներուն կենսապայմաններուն եւ անոնց հետ հարցուփորձ ըրին՝ յայտնաբերելու համար բնակիչներուն կարիքները, եւ թէ իրենք ի՛նչ օգնութիւն եւ ծառայութիւններ կրնան տրամադրել»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2024, 09:16