Որոնել

Արցախէն տեղահանուածներ Արցախէն տեղահանուածներ 

Արցախցիներուն վերադարձը՝ միայն Ռուսերուն երաշխաւորութեամբ, նպատակայարմար չէ. Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան

Արցախի մարդու իրաւուքներու նախկին եւ ներկայ պաշտպանները այս օրերուն վերադարձան Միացեալ Նահանգներէն, եւ վերահաստատեցին, որ հաւաքական հայրենադարձութեան հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութեան ներգրաւուածութիւնը անհրաժեշտ է:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հաւաքական հայրենադարձութիւնը՝ միայն ռուսերուն երաշխաւորութեամբ, նպատակայարմար չէ:

«Միեւնոյն ժամանակ, իմ կարծիքն այնպիսին է, որ միջազգային երաշխիքներ են պէտք: Այսինքն՝ 20 թուականից յետոյ Արցախում ներդրուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միայն այդ երաշխիքը պատմութիւնը ցոյց տուեց, որ բաւարար չէ Արցախում անվտանգութիւն ապահովելու համար», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ընդգծեց Ստեփանեան:

Վերջերս, Մոսկուա յայտարարեց, թէ Պաքուի հետ կը քննարկեն հայ բնակչութեան՝ Ղարաբաղ վերադարձի հեռանկարները. անոնք առանց յստակութիւններու նշեցին, թէ հնարաւոր վերադարձը պէտք է իրականացուի մարդոց «իրաւունքներու եւ ապահովութեան պատշաճ երաշխաւորումով»:

Ստեփանեան բացասաբար կը վերաբերի այս յայտարարութիւններուն, Արցախէնը ինքնակամ հեռանալու մասին ռուս պաշտօնեաներու պնդումները կը նկատէ ձեռնածութիւն:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը գտնուել է տեղում, եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը առաջինը պէտք է լինէր, որ փաստագրէր, որ մարդիկ հեռացել են ֆիզիքական ոչնչացման իրական սպառնալիքի ներքոյ, 24 ժամ տեւած ռազմական գործողութիւններից յետոյ: Պէտք է ասեմ, որ ակնկալիքը հէնց նաեւ այն էր, որ հէնց առաջինը խաղաղապահ զօրակազմը պէտք է գնահատական տար այդ էթնիկ (ցեղային) զտումներին եւ ոչ թէ դա որակուէր որպէս ինքնակամ հեռացում», նշեց Ստեփանեան:

Նոյնիսկ եթէ Ռուսիա ապահովական յաւելեալ գործիքակազմեր առաջարկէ, հաւաքական հայրենադարձութիւնը, ըստ Ստեփանեանի, կարելի է միայն միջազգային ամուր երաշխիքներու պայմաններու մէջ: Արցախէն տեղահանուած առաւել քան 100 հազար հայերու ապահով վերադարձին մասին Արեւմուտքէն եւս յայտարարութիւններ կը կատարուին, բայց՝ դարձեալ առանց յստակութեան:

«Շատ աւելի ցանկալի եւ շատ աւելի բարձր երաշխիք կարող է ապահովուել, եթէ խաղաղապահութիւնը կամ միջազգային երաշխիքները ձեւաւորուեն միջազգային հարթակում՝ լինի դա ՄԱԿի… Այսինքն, կոնկրետ (յստակ) որեւէ պետութեան հայեցողութեան կամ նրանց կարողութիւնների շրջանակում չլինի, այլ ունենայ միջազգային երաշխաւորուածութիւն», ընդգծեց Ստեփանեան։

Ստեփանեան, որ նաեւ արցախահայերու վերադարձի հարցով վերջերս կազմուած յանձնախումբին անդամ է, վստահեցուց, որ ռուս-ատրպէյճանական քննարկումներէն տեղեակ չեն: 

Հայաստանի Ազգային ժողովի իշխող խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան եւս պնդեց, որ հայկական կողմը տեղեկութիւն չունի այն մասին, թէ Արցախի ժողովուրդի վերադարձին հարցով ի՛նչ կը քննարկեն Մոսկուա եւ Պաքու:

Արցախի մարդու իրաւուքներու նախկին եւ ներկայ պաշտպանները այս օրերուն վերադարձան Միացեալ Նահանգներէն, եւ վերահաստատեցին, որ հաւաքական հայրենադարձութեան հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութեան ներգրաւուածութիւնը անհրաժեշտ է:

Արթուր Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը տարբեր դիմումներ ներկայացուցած է միջազգային դատարաններու եւ հարցին լուծումը այս տարբերակով կը պատկերացնէ: 

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2024, 08:25