Որոնել

2020.07.09 San Mesrob Mashdots inventore dell'alfabeto armeno

Մտորումներ լեզուի միջազգային օրուան առիթով

Արեւելահայ թարգմանական գրականութիւնը բաւական հարուստ է, չենք կրնար նոյնը ըսել արեւմտահայ թարգմանական գրականութեան մասին, թէեւ գնահատելի են Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նոյնիսկ երբեմն կաթողիկոսութեան թեմերուն եւ այլ հաստատութիւններու կողմէ խրախուսուած եւ ցարդ իրականացած թարգմանական աշխատանքները։

21 Փետրուարը Լեզուի Միջազգային օրն է։

Այս առիթով անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ բերել քանի մը երեւոյթներ, որոնց լուծումով շատ բան կրնայ փոխուիլ արեւմտահայերէնի ուսուցման ու որպէս մայրենի լեզու պահպանման գործընթացին մէջ։

Առաջինը արեւմտահայերէնի մասնագիտական ուսուցման համար ուսուցիչներու պատրաստութիւնն է գաղութի եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մակարդակով։

Այս առումով թէեւ ունինք, օրինակ, Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը, սակայն ցանկալի է հիմնարկի եւ Երեւանի պետական համալսարանի միջեւ գործակցութեան եզրեր որոնել ու նոյնինքն հիմնարկին մէջ ծառայելու համար պատրաստել մասնագէտ ուսուցիչներ , որոնք աւարտելով Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը կարելիութիւն ունենան մասնագիտանալու լեզուի, գրականութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերուն մէջ ու մեր ապագայ դասախօսներն ու հայկական վարժարաններու ուսուցիչները դառնալու։

Երկրորդը՝ արեւմտահայերէնի բառամթերքին հարցն է, յատկապէս մասնագիտական նիւթերու առնչուող բառամթերքի սակաւութիւնը։

Սփիւռքի մեր վարժարաններէն ներս հայերէնով դասաւանդուող երեք առարկայ գոյութիւն ունի՝ Հայոց լեզու, Հայ  գրականութիւն եւ Կրօն, կարգ մը համայնքներէ ներս նաեւ՝ Հայոց Պատմութիւն։ Գիտական մնացեալ առարկաները կը դասաւանդուին տուեալ երկրին պետական լեզուով, ինչ որ մեր աշակերտներու բառային պաշարը աղքատ կը պահէ։ Բացառութիւն կը կազմեն այն աշակերտները, որոնք ընթերցելու մեծ պապակ ունին ու այդ պապակը կը յագեցնեն ոչ միայն գրական, այլեւ արուեստի, գիտութեան առնչուող հայերէն գիրքեր ըմբոշխնելով։

Բարեբախտաբար Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային վարժարաններուն համար պատրաստուած հայերէնի վերջին դասագիրքերուն մէջ, հեղինակ՝ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան նկատի առած է իւրաքանչիւր կարգի աշխարհագրութեան եւ գիտութեան արաբերէնով դասաւանդուող առարկաները եւ համապատասխան հայերէն նիւթեր ներառած դասագիրքերուն մէջ՝ համապատասխան հայերէն եզրերով։

Ցաւօք, մեր օրերուն չեն հրատարակուիր Պոլսոյ եւ հետագային Սփիւռքի կարգ մը համայնքներու մէջ հրատարակուած երբեմնի բժշկական կամ արուեստի պարբերականները, որոնք այնքան հարուստ էին  արեւմտահայերէն համապատասխան բառամթերքով։ Այդուհանդերձ այս առումով օգտակար կը համարուին թարգմանական աշխատանքները, որոնց միջոցաւ կարելի կ’ըլլայ վերակենդանացնել ու աստիճանաբար օգտագործման մէջ դնել

արեւմտահայերէնի գիտական կամ մշակութային ոլորտներուն առնչուող բառերը։

Արեւելահայ թարգմանական գրականութիւնը բաւական հարուստ է, չենք կրնար նոյնը ըսել արեւմտահայ թարգմանական գրականութեան մասին, թէեւ գնահատելի են Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նոյնիսկ երբեմն կաթողիկոսութեան թեմերուն եւ այլ հաստատութիւններու կողմէ խրախուսուած եւ ցարդ իրականացած թարգմանական աշխատանքները։

Գնահատելի է «Նայիրի» բառարանի հսկայածաւալ աշխատանքը այս առումով, ուր ներառուած են մեծաթիւ մասնագիտական բառարաններ։ Այդ բառարանները օգտագործելու կարելիութիւններ պէտք է ստեղծուին հայկական վարժարաններէն ներս, հաւանաբար վարժութիւններու կամ տնային աշխատանքներու ճամբով։

Յօդուածի մը սահմաններուն մէջ կարելի պիտի չըլլայ լեզուի պահպանման եւ կիրարկման առնչուող բոլոր հարցերը պարզել ու անոնց լուծումները քննարկել։ Փափաքելի է, որ համայնքի ուսումնակրթական մարմինները նման հարցերու շուրջ խորհրդաժողովներ, քննարկումներ կազմակերպեն՝ մասնակիցներու լայն շրջանակ ապահովելով ու միասնաբար լուծումներու մասին խորհելով։

Գանձասարի խմբագրական

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 09:53