Որոնել

Արցախի մէջ զոհուածներու հարազատները՝ ՀՀ կառավարութեան մօտ Արցախի մէջ զոհուածներու հարազատները՝ ՀՀ կառավարութեան մօտ 

Արցախի մէջ զոհուածներու հարազատները՝ ՀՀ կառավարութեան մօտ

Արցախցիները կառավարութեան ուղղուած շարք մը հարցեր բարձրացուցած են՝ Արցախի մէջ զոհուածներու գերեզմաններու արտաշիրիմում, կացարաններու, կերակրողը կորսնցնելու նպաստի հարցի լուծում, քանի որ «1000+» ծրագրի շահառուները չեն ստանար այլ նպաստներ:

Փետրուար 20-ին Արցախի մէջ զոհուածներու, անհետ կորսուածներու հարազատները հաւաք նախաձեռնած են Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, այնուհետեւ շարժած են դէպի կառավարութեան շէնք:

Արցախցիները կառավարութեան ուղղուած շարք մը հարցեր բարձրացուցած են՝ Արցախի մէջ զոհուածներու գերեզմաններու արտաշիրիմում, կացարաններու, կերակրողը կորսնցնելու նպաստի հարցի լուծում, քանի որ «1000+» ծրագրի շահառուները չեն ստանար այլ նպաստներ:

Հաւաքուածներէն եօթ հոգի հանդիպած են փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գրասենեակի ղեկավարի հետ եւ ներկայացուցած իրենց յուզող հարցերը. հետագային որոշ հարցերու շուրջ համապատասխան մարմիններու հետ հանդիպումներ ունենալու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2024, 08:45