Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի այցը՝ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդին
Հինգշաբթի, 1 փետրուար 2024-ի երեկոյեան,Արհի. Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը ընդունեց եղբայրական այցելութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Մակար եպս. Աշգարեանի,ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունիի: Պատուարժան հիւրերուն կ՝ընկերանային Տիար Ժիրայր Րէիսեան,Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ եւ Բերիոյ թեմի ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ, Տիար Վրէժ Եագուպեան,Բերիոյ հայոց թեմի Յարաբերական յանձնախումբի անդամ ,Մեթր Սիւնպիւլ Սիւնպիւլեան,Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան քաղաքական ժողովի ատենապետ, տիկին Նորա Գրաճեան, Բերիոյ թեմի երեսփոխանական ժողովի անդամ, ինչպէս նաեւ Տիար Արմէն Ուրֆալեան,Դամասկոսի «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ատենապետ: Գերապայծառ Տիրոջ կողքին մեծայարգ հիւրերը ընդունեցին Գեր. Հ.Գէորգ վրդ. Պահէեանը ժողովրդապետը համայնքին ու պարոնայք Սարգիս Պուրունսուզեանն ու Շանթ Քէշիշեանը:
Ջերմ ու սիրալիր զրոյցի ընթացքին Գերապայծառ Տէրը տեղեկութիւններ փոխանցեց Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի մասին, իր մեծ ուրախութիւնը յայտնելով հանդիպելու Սրբազան հօր ու պատուարժան ազգայիններուն,մանաւանդ Տիար Յակոբ Բագրատունիին հետ,որու հետ տարիներու մտերմութիւն ու բարեկամութիւն ունի: Այցելութիւնը աւարտեցսւ պահը անմահացնող խմբանկարով մը, եկեղեցւոյ բակին մէջ, Նահատակաց յուշակոթողին առաջ:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ