Որոնել

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահման 

Լիպպի. «Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Նման Միջադէպերը Կացութեա

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպպին կ՝անդրադառնայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային միջադէպին, որուն հետեւանքով հայկական կողմը ունի չորս զոհ:

Նման միջադէպերը ցոյց կու տան, որ կացութեան վատթարացման հաւանականութիւն կայ: Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, ըսած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպպին` անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային միջադէպին, որուն հետեւանքով հայկական կողմը ունի չորս զոհ:

«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու կացութեան սրումէն եւ կը խրախուսենք երկխօսութեան դիմել», ըսած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

«Որեւէ հիմք չկայ մտածելու, թէ ազրպէյճանցիներն ու հայերը չեն կրնար ներդաշնակ ապրիլ իբրեւ դրացիներ, իբրեւ առեւտրական գործընկերներ: Կը մերժեմ ենթադրութիւնները, թէ խաղաղութիւնը կարելի չէ: Ատիկա բարդ է եւ յաղթահարելը կրնայ դժուար ըլլալ», ըսած է դեսպանը` յայտարարելով, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրը կարելի է:

Ան ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ չեն ձգտիր տիրել կացութեան:

«Եթէ ռուսական ուղղութիւնը կերպով մը աշխատի, եթէ արդիւնքը ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն, արժանապատիւ խաղաղութիւնը, որ երկու կողմերը ընդունին եւ ըլլան գործընկերներ ու դրացիներ, կարգաւորեն առեւտուրը եւ կողք-կողքի ապրին անվտանգային պայմաններու մէջ` ատիկա լաւ է: Մենք չենք ձգտիր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ տիրել կացութեան: Սակայն ես կ՛ըսեմ, որ մենք հետաքրքրուած ենք, որ կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատուի», ընդգծած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

«Թիւ 907 ուղղումը 30 տարի առաջ որդեգրուած օրէնքի մաս կը կազմէ: Ես չեմ կրնար այդ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարել: Կրնամ ըսել, որ իւրաքանչիւր տարի մենք կը մտածենք, թէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ որեւէ օգնութիւն ցուցաբերելու համար պէ՞տք է հրաժարիլ այդ ուղղումէն, այդ հարցը տակաւին կը քննարկուի», ըսած է Լիպպի` նշելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու լայն ծիրի տեսանկիւնէն թիւ 907-ը փոքրագոյն ուղղում է:

«Թիւ 907 ուղղումը կը սահմանափակէ զինուորական օգնութեան շարք մը տեսակներ: Արդեօք Ազրպէյճանը Միացեալ Նահանգներու զինուորական օգնութեան կարիք ունի՞, առաւելապէս` ոչ», ըսած է Մարք Լիպպի` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը պաշտպանեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 08:41