Որոնել

 Շարլ Միշէլ Շարլ Միշէլ   (Copyright 2020 The Associated Press. All rights reserved)

Նիկոլ Փաշինեան եւ Շարլ Միշէլ քննարկեցին Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր:

Այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Շարլ Միշէլ՝ հաստատելով. « Եւրոպական Միութեան օրակարգին վրայ, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան հաստատումը եւ բարգաւաճումը առաջնային են»։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2024, 07:30