Որոնել

2024.02.05 Gohar Ghumashyan Direttirce Associazione Armenian Buisnessmen

Մեզի համար շատ կարեւոր է երիտասարդական գործարարութեան զարգացումը. Գոհար Ղումաշեան

Համոզուած ենք, որ հայ երիտասարդն է մեր երկրի ապագան եւ ինչքան շատ մենք իրենց աջակցինք ինչքան շատ սատարենք իրենց գաղափարները, երազանքները, ծրագրերը իրականացնելու համար, այնքան աւելի կայուն կը դառնայ մեր երկրի ապագան։ Հանդիպում Հարցազրոյց Հայ Գործարարներու ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Գոհար Ղումաշեանի հետ

Ռատիօ Վատիկան - Հայկական բաժանմունք

Հայ Գործարարներու ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 2019 թուականին՝ աշխարհի հայ գործարարներու միջև արդիւնաւէտ աշխատանքային միջավայր ստեղծելու նպատակով:

Գլխաւոր առաքելութիւնն է ստեղծել հայկական գործարարական համայնք, որ հպարտ է իր անցեալով, այսօր կանգնած ամուր վստահ կը նայի դէպի ապագայ։

Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժինը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու Հայ Գործարարներու ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Գոհար Ղումաշեանի հետ որ մեզի ներկայացուց իրենց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ու ապագային ձգտող ծրագրերու մասին մանրամասնութիւններ։

Կից կը գտնէք հարցազրոյցը ամբողջութեամբ

Ունկնդրէ հարցազրոյցը

“«Համոզուած ենք, որ հայ երիտասարդն է մեր երկրի ապագան եւ ինչքան շատ մենք իրենց աջակցինք ինչքան շատ սատարենք իրենց գաղափարները, երազանքները, ծրագրերը իրականացնելու համար, այնքան աւելի կայուն կը դառնայ մեր երկրի ապագան»։”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2024, 10:14