Որոնել

Իսրայէլի եւ Պաղեսինի միջեւ բախումներ Իսրայէլի եւ Պաղեսինի միջեւ բախումներ  (AFP or licensors)

Ռամատանէն առաջ համաձայնութիւն գոյացնելու երկու շաբթուան պայմանաժամ

Փարիզի բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած է յառաջդիմութիւն մը, որ կրնայ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին Կազայի մէջ պատերազմին, զինադուլի եւ գերիներու փոխանակման վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ աւելի լուրջ բանակցութիւններու յանգեցնել:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Քաթար` քննարկելու համար գերիներու փոխանակման գործարքի մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ իսլամներու սրբազան ռամատան ամիսէն առաջ «պատանդներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու երկու շաբթուան տեւողութեամբ մրցավազք գոյութիւն ունի»:

Աղբիւր մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ գործարքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նկատմամբ «մեծ լաւատեսութիւն մը գոյութիւն ունի»` աւելցնելով. «Գոյութիւն ունի մեծ յառաջդիմութիւն եւ քննարկման հիմք, որուն ճամբով կարելի է կառուցել բանակցութիւններու տարրերը եւ համաձայնութիւններու հասնիլ»:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը, յղում կատարելով երկու աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Փարիզի բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած է յառաջդիմութիւն մը, որ կրնայ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին Կազայի մէջ պատերազմին, զինադուլի եւ գերիներու փոխանակման վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ աւելի լուրջ բանակցութիւններու յանգեցնել:

Ըստ աղբիւրներուն, ամերիկացի, քաթարցի եւ եգիպտացի պաշտօնատարներ Փարիզի մէջ գլխաւոր ժողովի մը իսրայէլացի բանագնացներուն ներկայացուցած են գերիներու գործարքի աւելի մանրամասն շրջագիծ մը, որուն համաձայն, Համաս շուրջ 40 գերիներ ազատ կ՛արձակէ 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման եւ հարիւրաւոր պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակման դիմաց:

Նախկին առաջարկը եւս կը խօսէր 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի մասին, սակայն ուրբաթ օր իսրայէլեան կողմին ներկայացուած առաջարկին նման մանրամասն չէր:

Ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին ըսած են, որ կ՛ուզեն Ռամատան ամսուան սկիզբէն առաջ համաձայնութեան հասնիլ փորձել:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ընթացող բանակցութիւնները գերիներու փոխանակման շուրջ համաձայնութեան պիտի յանգեցնե՞ն: Ըստ անոր, Համաս «տրամաբանական լուծում չ՛ընդունիր»:

«Եթէ (գերիներու ազատ արձակման) համաձայնութիւն ունենանք, որոշ ժամանակ պիտի յետաձգուի, սակայն պիտի գործադրուի, եւ եթէ համաձայնութիւն չունենանք, զայն անմիջապէս պիտի գործադրենք», աւելցուց Նեթանիահու:

Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Գերիներու փոխանակման գործարքի շուրջ համաձայնութեան հասնելու մօտալուտութեամ վերաբերեալ լաւատեսութեան մթնոլորտը իրականութեան չի համապատասխաներ»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը խուսափի ընդառաջելէ յարձակումը դադրեցնելու, (իսրայէլեան ուժերու) ամբողջական հեռացման եւ գաղթականներու (Կազայի) հիւսիս վերադարձի կարեւորագոյն պահանջներուն», շեշտեց աղբիւրը` աւելցնելով. «Մեր ժողովուրդը հիւսիսի մէջ սովով սպաննելը ցեղասպանութեան ոճիր է, որ ամբողջ բանակցային հոլովոյթը կը վտանգէ»:

Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան Պէյրութի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ պաղեստինեան շարժումը «դրական ոգիով ընկալած է միջնորդներու` Կազայի մէջ յարձակումի դադրեցումի հիմամբ առաջարկները»` շեշտելով, որ Համաս կառչած կը մնայ այդ պահանջին եւ «գետնի ու մարտի դաշտին վրայ մեր դիրքորոշումը կ՛աջակցի այդ պահանջին»:

Ան նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Կազայի վերաբերեալ գաղափարներ կը ներկայացնէ, երբ ամբողջովին կը գիտակցի, որ անոնք պիտի չյաջողին»:

Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին նաեւ յայտնած են, որ ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլէն պահանջած է Կազայի մէջ Համասի ոստիկանութեան անդամներու թիրախաւորումը դադրեցնել, սակայն Իսրայէլ մերժած է այդ պահանջը, «որովհետեւ անոր նպատակներէն մէկը վստահ ըլլալն է, որ Համասը այլեւս շրջանը չի կառավարեր»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով ամերիկեան ճնշումներու վերաբերեալ հարցումի մը, ըսաւ. «Ոչ ոք մեզի կ՛արգիլէ Ռաֆահ մուտք գործել»: Ան նաեւ նշեց. «Կռիւը պիտի չդադրեցնենք, որովհետեւ Համասի` Կազայի մէջ մնալուն համաձայն չենք»:

«Պաղեստինեան իշխանութիւնը Կազայի մէջ քաղաքային կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ», աւելցուց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաք Իսրայէլի ներկայ վարչապետ Նեթանիահուն ամբաստանեց «ինքզինք ուժեղ ցոյց տալու համար» իսրայէլացի գերիները վտանգելու յանցանքով: «Նեթանիահուի համար ուժեղ երեւնալը համաձայնութեան հասնելէ աւելի կարեւոր է, եւ ան պատրաստ է գերիներու կեանքերը վտանգելու», նշեց Պարաք:

Ան իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց` Նեթանիահուի դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու` ըսելով. «Կարիքը ունինք, որ 300 հազար քաղաքացիներ երեք շաբաթ գիշեր ու ցերեկ վրաններով պաշարեն Քնեսեթը»: Պարաք ըսաւ, որ երբ երկիրը փակուի, Նեթանիահու պիտի գիտակցի, որ իր ժամանակը աւարտած է եւ իր նկատմամբ վստահութիւն չկայ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2024, 07:50