Որոնել

Լիբանան, Իսրաէլ, Պաղեստին պատերազմ Լիբանան, Իսրաէլ, Պաղեստին պատերազմ  (AFP or licensors)

Իսրայէլ կը շարունակէ ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը

Իսրայէլեան օդուժը «Էֆ 15» տիպի կործանիչներով երէկ կէսօրին թռիչքներ գործեց Պէյրութի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն փափաքիր Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ յաւելեալ լարուածութիւն տեսնել:

Նախարարութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ Իսրայէլ Ուաշինկթընին հաստատած է, որ Հըզպալլայի հետ ունեցած իր տագնապին դիւանագիտական լուծում կ՛ուզէ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլա իսրայէլեան զինուորական խարիսխ մը ռմբակոծած է, երբ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի կ՛այցելէր այդ խարիսխը:

Հալեւի շեշտած է, որ Հըզպալլա սուղ պիտի վճարէ իր ռմբակոծումներուն գինը:

Իր կարգին, Հըզպալլայի հակահրասայլային զէնքերու պատասխանատու սպայ մը շեշտեց, որ իսրայէլեան Մայրուն խարիսխին դէմ Դիմադրութեան զինուորական գործողութիւնը փաստ մըն էր թշնամի Իսրայէլին համար, որ Դիմադրութիւնը կրնայ քանդել թշնամիի օդուժի խարիսխը:

Հակառակ քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերուն, սահմանագիծին վրայ բախումները շարունակուեցան: Իսրայէլեան բանակը ֆոսֆորային հրթիռներով եւ բուռն կերպով ռմբակոծեց Թայր Հարֆա, Պթայշիէ, Տհայրա, Ալմա Շաապ, Հուլա, Խըրպըթ Սըլըմ, Թիպէ, Տէյր Սարայան, Սըտտիքին, Եաթեր, Ժապալ Քապիր, Պէյթ Լիֆ, Խրայպէ, Խիամ, Ռաշայա Ֆըխխար, Զլութիէ, Պընթ Ժպէյլ եւ Այնաթա շրջանները:

Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը «Էֆ 15» տիպի կործանիչներով երէկ կէսօրին թռիչքներ գործեց Պէյրութի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ:

Լիբանանի մէջ Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ հարաւային Լիբանանէն «Կրատ» տիպի հրթիռներով ռմբակոծած են իսրայէլեան Պէյթ Հիլալ բնակեցման վայրի զօրանոցը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակի թիւ 769 ջոկատի Կիպուր զօրանոցը` իբրեւ պատասխան Կազայի քաղաքացիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան սպանդներուն եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ իրենց ղեկավարներուն սպանութեան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2024, 07:38