Որոնել

Լատին Ամերիկիոյ ռաբբիներու վարժարանի պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ - 2 Դեկտեմբեր 2022 Լատին Ամերիկիոյ ռաբբիներու վարժարանի պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ - 2 Դեկտեմբեր 2022   (Vatican Media)

Ռաբբիներն ու գիտնականները շնորհակալութիւն յայտնած են Ֆրանչիսկոս Պապին.

Սրբազան Քահանայապետին ուղղած իրենց նամակին մէջ, ռաբբիները եւ հրէա-քրիստոնէական երկխօսութեան գիտնականները երախտագիտութիւն եւ գնահատանք արտայայտած են «հակասեմականութեանը եւ հակահրէականութեանը հակազդելու Անոր աշխոյժ յանձնառութեան առնչութեամբ»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Եկեղեցւոյ ջանքերը՝ զարգացնելու համար ըմբռնողականութիւնը՝ այնտեղ, ուր ժամանակին կար մրցակցութիւն, բարեկամութիւնը՝ ուր կար հակառակութիւն, եւ կարեկցանքը՝ ուր կար արհամարհանք, փոխեց մեր համայնքները եւ մնայուն հետք թողուց մեր պատմութիւններուն վրայ: Ձերդ Սրբութեան նամակին մէջ մենք կը գտնենք այս յանձնառութեան հաստատումը, որն աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանայ այս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ անկայունութիւնը կը սպառնայ անգամ տասնամեակներ շարունակ մշակուած յարաբերութիւններուն»:

Այս բառերը առանցքը կը կազմեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ որոշ ռաբբիներու եւ հրէա-քրիստոնէական երկխօսութեան գիտնականներու կողմէ 14 Փետրուար 2024ին ուղարկուած նամակին։

Նոյն խումբն անցեալ Նոյեմբերին եւս նամակ գրած էր Սրբազան Հօրը՝ աղերսելու նորոգել հրէաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ մօտիկութիւնը՝ 7 Հոկտեմբերի յարձակումէն եւ աշխարհի տարբեր հատուածներէն ներս արձանագրուած հակասեմականութեան ու հակահրէականութեան վերածնունդէն ետքը։

Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 2 Փետրուար 2024ին «Իսրայէլի հրեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն» յղած իր նամակի միջոցաւ, հաւաստիացուցած էր Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը հրեայ ժողովուրդին եւ միեւնոյն ժամանակ կոչ ըրած էր արագ խաղաղութիւն հաստատել Սուրբ Երկիրի մէջ բնակուող բոլոր ժողովուրդներու միջեւ՝ անկախ ցեղի եւ կրօնական դաւանանքի պատկանելիութենէն:

Հրեայ գիտնականներու այս վերջին նամակը շնորհակալութիւն է Սրբազան Քահանայապետին եւ գնահատանք՝ «հակասեմականութեանը եւ հակահրէականութեանը հակազդելու Անոր աշխոյժ յանձնառութեան առնչութեամբ», ուր, ի վերջոյ, պարտաւորութիւն կը յայտնուի միանալու «կաթողիկէ եղբայրներու եւ քոյրերու այն համոզմունքին, որ կրօնները կարող են ըլլալ ստեղծագործ ուժ, որ կարող է բանալ ճանապարհներ, որոնք այլապէս փակ պիտի մնային»։

Նամակը ստորագրողներու խումբի համակարգող, Փրոֆեսոր Քարմա Պէն Ժոհանանը՝ «L'Osservatore Romano» թերթին հաստատած է, որ ողջունած են Պապի նամակը՝ որպէս երկու համայնքներու միջեւ երկխօսութիւնը խորացնելու հրաւէր, նշելով, որ Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ ժողովէն սկսեալ հրեաներու եւ քրիստոնեաներու գրեթէ 60 տարուայ պատմութիւն կերտած նոր յարաբերութիւնները՝ չնայած առկայ լարուածութեան, բաւական ամուր են։

Նամակի աւարտին նամակագիրները կը հաւաստիացնեն, որ կը միանան Սրբազան Հօր խաղաղութեան համար աղօթքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2024, 11:48