Որոնել

Եւրոպական խորխուրդի ղեկաւարը, Զելեսնքի եւ Ուրսուլա Վոն Տեր Լայեն Եւրոպական խորխուրդի ղեկաւարը, Զելեսնքի եւ Ուրսուլա Վոն Տեր Լայեն  (JOHANNA GERON)

Միշել. «Ուքրանիոյ ճակատագիրը Եւրոպական Միութեան մէջ է»

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը իր կարգին ընդգծած է Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսական եւ զինուորական «երկաթեայ աջակցութիւն»-ը Ուքրանիոյ` «այնքան ժամանակ, որ ատոր կարիքը ըլլայ»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի զրուցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ, շնորհակալութիւն յայտնած Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառեալ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար:

«Մենք նաեւ վերահաստատեցինք Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու արագ մեկնարկի կարեւորութիւնը, ինչպէս համաձայնուած էր անցեալ դեկտեմբերին», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը իր կարգին ընդգծած է Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսական եւ զինուորական «երկաթեայ աջակցութիւն»-ը Ուքրանիոյ` «այնքան ժամանակ, որ ատոր կարիքը ըլլայ»:

«Ռուսիան երբեք պիտի չկարենայ մարել Ուքրանիոյ մէջ ժողովրդավարութեան բոցը: Ուքրանիոյ ճակատագիրը Եւրոպական Միութեան մէջ է», աւելցուցած է ան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 09:37