Որոնել

Italy Daily Life: Borgo di Roscigno vecchia

Բացասական մտքերէն ազատելու եղանակներ

Ժամանակի ընթացքին բացասական մտքերէն ազատուելու համար դուք արդէն ոչ մէկ վարժութեան կարիք չէք զգար, այլ կը սորվիք «ալիքը փոխել» ինքնուրոյնաբար: Փորձեցէք եւ ընտրեցէք ա՛յն, ինչը ձեզի համար աւելի արդիւնաւէտ կը թուի:

Ինչ ընել այն կպչուն մտքերուն հետ, որոնք կը փճացնեն ձեր կեանքը: Սորվելով «հետեւիլ» ձեր մտքերուն, կրնաք սորվիլ նաեւ ազատիլ անոնցմէ:

Քանի մը վարժութիւն, որոնք կ’օգնեն իրականացնելու զայն:

-Վերցուցէք թուղթ եւ գրիչ, ձեր առջեւ դրէք որեւէ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն եւ, կարդալով առաջին նախադասութիւնը, զայն ձախ ձեռքով գրեցէք թուղթի վրայ: Գրելու ընթացքին բարձրաձայն արտասանեցէք իւրաքանչիւր բառը: Այս վարժութեան իմաստը այն է, որ «շեղէք» ուղեղը, վերջինս լզբաղցնէք այնպիսի գործողութեամբ, որուն պարագային անիկա հնարաւորութիւն չ’ունենար այլ բանի մը մասին մտածելու՝ բացառութեամբ այն խնդիրին, որ այդ պահուն դրուած է ձեր առջեւ:

-Ընտրուած նիւթը նախադասութիւն առ նախադասութիւն պէտք է արտագրել սկիզբի համար մինչեւ 10-15 վայրկեան: Այնուհետեւ անհրաժեշտ է դադրեցնել եւ տեսնել արդիւնքը, այսինքն` հանգիստ նստիլ ու հետեւիլ ձեր մտքերուն: Եթէ կպչուն միտքը կը վերադառնայ, հարկ է շարունակել վարժութիւնը (եթէ
տուեալ պահուն ժամանակային սահմանափակում չունիք) եւ արտագրել նիւթը եւս 10-15 վայրկեան:

-Այս վարժութիւնը պէտք է կատարել այնքան յաճախ, որքան կը նկատէք թէ կեդրոնացած էք վատ մտքի վրայ: Եթէ ձախլիկ էք, ուրեմն գրեցէք, բնականաբար, աջ ձեռքով:

Ժամանակի ընթացքին բացասական մտքերէն ազատուելու համար դուք արդէն ոչ մէկ վարժութեան կարիք չէք զգար, այլ կը սորվիք «ալիքը փոխել» ինքնուրոյնաբար: Փորձեցէք եւ ընտրեցէք ա՛յն, ինչը ձեզի համար աւելի արդիւնաւէտ կը թուի:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2024, 07:39