Որոնել

ԵԱՀԿ-ի դրօշակը ԵԱՀԿ-ի դրօշակը 

ԵԱՀԿը մտահոգ է Ատրպէյճանի ընտրութիւններով

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ընտրութիւններուն ընթացքին չկային բազմակի քուէարկութեան դէմ երաշխիքներ:

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վերաբերեալ հրապարակած յայտարարութեան միջոցաւ մտահոգութիւն յայտնեց քուէարկութեան արդարութեան գծով:

Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ»ը:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ընտրութիւններուն ընթացքին չկային բազմակի քուէարկութեան դէմ երաշխիքներ:

«Ասիկա լուրջ հարցեր յառաջացուց. արդեօք քուէաթերթիկները հաշուըւա՞ծ են եւ արդեօք արդիւնքները արդար եղա՞ծ են», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, որ ընտրութիւններու նախապատրաստութիւնը արդիւնաւէտ եւ արհեստավարժ եղած է, սակայն անիկա զուրկ էր իսկական բազմակարծութենէ, եւ քննադատներուն ձայնը շարունակաբար ճնշուած եղած է:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2024, 08:50