Որոնել

ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու դրօշակները ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու դրօշակները 

Փաշինեան. «Հայաստանի` ՀԱՊԿ-ին մասնակցութիւնը սառեցուած է»

Փաշինեան «Ֆրանս 24»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը շատ հաւանական է:

Հայաստանի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մասնակցութիւնը այս պահուս սառեցուած է: Այս մասին «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մեր կարծիքով` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրը Հայաստանի նկատմամբ կեանքի չէ կոչուած, յատկապէս` 2021-2022 թուականներուն: Ասիկա չէր կրնար վրիպիլ մեր ուշադրութենէն: Մենք «սառեցուցած» ենք այս պայմանագիրին մեր մասնակցութիւնը: Տեսնենք` յետոյ ինչ կ՛ըլլայ», ըսած է Փաշինեան` աւելցնելով, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ «կը գերակայէ Մոսկուան»:

Պատասխանելով Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի հաւանական փակման մասին հարցումին` Հայաստանի վարչապետը ընդգծած է, որ «այս պահուս ատիկա չի քննարկուիր»:

«2023 թուականի սեպտեմբերեան իրադարձութիւններուն ժամանակ եւ հոկտեմբերին Ռուսիոյ ամէնէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչները Հայաստանի քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղէին` դուրս գալու փողոցներ եւ տապալելու Հայաստանի ընտրուած, օրինական կառավարութիւնը: Ռուսական պատկերասփիւռի կայանները վեց տարի շարունակ համակարգուած, հետեւողական եւ նպատակամղուած հակաքարոզչութիւն կ՛ընեն Հայաստանի ընտրուած իշխանութեան եւ անձամբ ինծի դէմ: Ալ ուրիշ ի՞նչ հետեւութիւն ընելու տեղ կը մնայ», ըսած է Փաշինեան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները «հաստատութենական աւանդութիւններու» շարունակութիւն են:

«Մեզ յատկապէս կ՛անհանգստացնէ ռուս զինուորներու կողմէ Հայաստանի մէջ ռուս դասալիք Տմիթրի Սեթրաքովի առեւանգումը», նշած է ան:

Հայաստանի վարչապետը այս ծիրին մէջ նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ նման ապօրինի գործողութիւնները անթոյլատրելի են: Հետեւանքներ պիտի ըլլան, եթէ Երեւանի պահանջները չկատարուին:

Փաշինեան «Ֆրանս 24»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը շատ հաւանական է:

Ըստ անոր, իրենք խնդիր կ՛ունենան խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ արտայայտելու երեք սկզբունքները, որ յայտարարուած ու հրապարակուած են միջազգային հարթակներու վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու ծիրին մէջ: Վերլուծելով այս խնդիրներն ու Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները` կու գան այն եզրակացութեան, որ այո՛, Հայաստանի վրայ յարձակումը շատ հաւանական է:

Ան մանրամասնած է, թէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մասին Պաքուի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ նկատի կ՛առնուի, որ Հայաստանի տարածքին մեծ մասը ազրպէյճանական է: Բացի ատկէ ըստ Փաշինեանի, Ազրպէյճան գործնականին մէջ առանց տարընթերցումներու չի ճանչնար Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը, հակառակ անոր որ «դիւանագիտական մակարդակի վրայ Ազրպէյճանը կը հաւաստէ, թէ յարձակելու ոչ մէկ մտադրութիւն ունի»:

Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռք բերած զէնքին վերաբերեալ Ազրպէյճանի մեղադրական յայտարարութիւններուն մասին Փաշինեան ըսած է. «Ազրպէյճանը ամէն անգամ աղմուկ կը բարձրացնէ ռազմական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ մեր որեւէ նոր պայմանագիրի համաձայնագիրի, սակայն չ՛ըսեր իր միլիառաւոր տոլարներու զէնքի գնումներուն մասին, ասիկա կարեւոր փաստ է»:

«Ինչո՞ւ Ազրպէյճանը մտահոգուած է Հայաստանի զինեալ ուժերու բարեփոխումներով, երբ ան բռնագրաւուած կը պահէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքները, երբ մենք կ՛առաջարկենք վերջնականապէս սահմանազատել մեր սահմանները եւ հայելային տարբերակով դուրս բերել զօրքերը: Մենք փոխադարձաբար ետ պիտի քաշէինք մեր զօրքերը սահմանէն, ինչ որ կրնար դէպի խաղաղութիւն քայլ ըլլալ», նշած է ան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 09:44