Որոնել

Արցախէն ընտանիքներ Կիպրոսի մէջ Արցախէն ընտանիքներ Կիպրոսի մէջ 

Արցախէն տեղահանուած անձերուն հարցը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէպքերը խիստ մտահոգիչ են. Պերլին

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020ին եւ անկէ ետք Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններուն` Վինքելմայեր Պեքեր նշեց, որ Միջազգային քրէական դատարանը պէտք է հանգամանօրէն քննէ աշխարհի զանազան մասերու մէջ կատարուած պատերազմական բոլոր յանցագործութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ հանդէս գայ յստակ գնահատականներով ու վճիռներով, մանաւանդ որ անոր համար ունի յստակ գործիքակազմ մը

Գերմանիոյ խորհրդարանի իրաւական յանձնաժողովի նախագահ Էլիզապէթ Վինքելմայեր Պեքեր Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերուն հարցը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէպքերը խիստ մտահոգիչ են եւ ոչ մէկ ձեւով արդարանալի: Ան ընդգծելով՝ ըսաւ, որ Գերմանիոյ մէջ անկարելի է պատկերացնել մարդու հիմնարար իրաւունքներու այսպիսի խախտումներ եւ անկարելի է պատկերացնել ոեւէ ցեղային խմբաւորման մը բռնի տեղահանումը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020ին եւ անկէ ետք Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններուն` Վինքելմայեր Պեքեր նշեց, որ Միջազգային քրէական դատարանը պէտք է հանգամանօրէն քննէ աշխարհի զանազան մասերու մէջ կատարուած պատերազմական բոլոր յանցագործութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ հանդէս գայ յստակ գնահատականներով ու վճիռներով, մանաւանդ որ անոր համար ունի յստակ գործիքակազմ մը: Ըստ անոր` անիկա կը վերաբերի նաեւ ռազմագերիներու վերադարձին, որ կրնայ ըլլալ առանցքային կէտ` խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու, ինչպէս նաեւ` լաւ հիմք` բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք դրական փուլ հասնելու։

«Ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ Գերմանիա նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման, հետեւաբար, պատրաստ ենք երկու կողմերուն աջակցելու խաղաղութեան օրակարգը եւ բանակցութիւնները յառաջ մղելու գծով: Խաղաղութեան գործընթացի այս փուլին, Գերմանիա պէտք է հակամարտող կողմերուն միջեւ հանդէս գայ իբրեւ ազնիւ գործընկեր եւ աջակցող կողմ, ինչ որ կը բխի Հայաստանի շահերէն», յայտնեց Վինքելմայեր Պեքեր:

Ան դիտել տուաւ, որ տեղեակ են, թէ հայկական կողմին համար կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման ու սահմանազատման գործընթացն է` խորհրդային քարտէսներուն վրայ հիմնուած:

«Կը յուսանք, որ անոնք հիմք կը հանդիսանան երկարատեւ սթաթուս-քոյի համար հետագայ համաձայնութեան շրջանակին մէջ: Սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ուշադրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ: Յոյս ունինք, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճանը պիտի հասնին այնպիսի փուլի մը, երբ Հայաստանի միջազգայնօրէն յստակացուած ու ճանչցուած տարածքը այլեւս վիճարկման ենթակայ չ՛ըլլար եւ հիմք կը հանդիսանայ կայուն խաղաղութեան», ըսաւ Վինքելմայեր Պեքեր։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2024, 09:20