Միլլըր. «Ուաշինկթըն մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զինուորներուն միջեւ բախումներու մասին հաղորդումով»
Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զինուորականներուն միջեւ բախումներու մասին հաղորդումով, որ յանգեցուցած է զոհերու:
«Մենք մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն: Ուժի կիրարկումը կը խաթարէ բանակցութիւնները», ըսաւ Միլլըր` ընդգծելով, որ կայուն խաղաղութեան միակ ուղին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստիլն է:
«Զինադադարի որեւէ խախտում պէտք է հետաքննուի եւ պատշաճ կերպով հասցէագրուի: Ինչպէս շարունակաբար կը շեշտէ արտաքին գործոց նախարարը, Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն», եզրափակեց Միլլըր:
13 փետրուարին ժամը 5:30-էն սկսեալ, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած էին Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, հայկական կողմը հաղորդած է 4 զոհի եւ մէկ վիրաւորի մասին: Ժամը 9:30-ի դրութեամբ կրակոցը դադրեցուած է:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին ցաւակցած է Սիւնիքի մարզի սահմանային գօտիին մէջ զոհուածներու ընտանիքներուն։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ