Որոնել

Միրզոյան, Պլինքըն եւ Պայրամով Միրզոյան, Պլինքըն եւ Պայրամով  (AFP or licensors)

Բանակցութիւններէն երկու օր առաջ Ալիեւ կը զգուշացնէ, որ «Հայաստան պէտք է ընդունի Ատրպէյճանի բոլոր պայմանները»

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ բանակցութիւններուն մասին 26 Փետրուարին առաջին տեղեկացնողը եղաւ Ատրպէյճան, ապա Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յստակացուց, թէ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պերլինի մէջ, 28էն 29 Փետրուարին՝ ըստ Միւնիխի եռակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան:

Պերլինի մէջ նախատեսուած Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններէն երկու օր առաջ, Իլհամ Ալիեւ զգուշացուց, որ «Հայաստան մէկ ճամբայ ունի` ընդունիլ Ատրպէյճանի բոլոր պայմանները եւ հրաժարիլ տարածքային նկրտումներէ»:

Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Խոջալու այցելութեան ընթացքին՝ պնդելով, որ «Հայաստան նոր տէրերու փնտռտուքի մէջ է»:

«Հայաստան, որ կը փորձէ նոր տէր մը գտնել եւ ասոր-անոր գիրկը կը նետուի, պէտք է գիտնայ, որ իր միակ ճամբան Ատրպէյճանի բոլոր պայմանները ընդունիլը եւ Ատրպէյճանի հանդէպ տարածքային պահանջներէն հրաժարիլն է», յայտարարեց Ալիեւ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» յուշահամալիրի հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին:

«Խոջալուն շատ մեծ տեղ կը գրաւէ ատրպէյճանցի ժողովուրդի գիտակցութեան եւ պատմութեան մէջ: Այդ ողբերգութիւնը մեր սիրտերը խոցած է այն աստիճան, որ մենք առանց Խոջալուի ազատագրութեան չէինք կրնար հանգստանալ», յայտարարեց Ալիեւ` աւելցնելով. «Մենք ռազմի դաշտին վրայ Խոջալուի անմեղ զոհերուն վրէժը լուծեցինք:

Ատրպէյճանի բանակը թէ՛ արհեստավարժ է, թէ՛ հայրենասէր, թէ՛ օժտուած է լուրջ կարողութիւններով: Անիկա անկարելի թուացող գործողութիւնները կը կատարէ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին: Անոնցմէ մէկը, եթէ ոչ ամէնէն կարեւորը, Շուշիի գործողութիւնն էր», դիտել տուաւ Ալիեւ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ բանակցութիւններուն մասին 26 Փետրուարին առաջին տեղեկացնողը եղաւ Ատրպէյճան, ապա Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յստակացուց, թէ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պերլինի մէջ, 28էն 29 Փետրուարին՝ ըստ Միւնիխի եռակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ նախատեսուած են բանակցութիւններ Հայաստի պատուիրակութեան հետ: «Ինչպէս գիտէք, թէեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւնները տեղի չէին ունենար, բայց բովանդակութեան շուրջ քննարկումները կը շարունակուէին», յայտնեց Պայրամով։

Ան ընդգծեց, որ, թէեւ վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած, սակայն Հայաստանի հետ սահմանին խաղաղութիւն եւ անդորր կը տիրէր: Ընդ որում, առանց անուններ տալու, ան մեղադրեց «որոշ շրջանակներ»՝ լարուածութիւն հրահարելու մէջ:

«Նախորդ հինգ ամիսները եղան ամէնէն հանգիստ շրջանը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պայմանական սահմանին վրայ: Երբ մենք նկատի առնենք այդ ժամանակահատուածը՝ կը տեսնենք, որ որոշ շրջանակներ անհանգստացած են այդ հանգամանքով եւ կ՛ընեն իրենց կարելին՝ իրավիճակը փոխելու եւ լարուածութիւն յառաջացնելու համար», ըսաւ Պայրամով:

Ան նաեւ քննադատեց Եւրոպական Միութիւնը եւ Ֆրանսան՝ զանոնք մեղադրելով իրավիճակը ապակայունացնելու յանցանքով: «Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործողութիւնները սահմանին, արեւմտեան տարբեր դիւանագէտներու ժամանումը սահման, երբ լարուածութիւն չկայ, պատճառ կը դառնայ, որ հարցը մնայուն կերպով օրակարգի վրայ ըլլայ եւ ներկայացուի իբրեւ լարուածութիւն», ըսաւ ան:

Գալով Փարիզին, ըստ Պայրամովի, կատարուած դրական քայլերու լոյսին տակ, Ֆրանսայի աշխուժացումը կը սրէ իրավիճակը: Ան, իբրեւ օրինակ՝ մատնանշեց նաեւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը Հայաստան: «Շոլցի նախաձեռնած հանդիպումէն ետք ընդգծուեցաւ եւ համաձայնեցուեցաւ խաղաղ գործընթացի մը զարգացման կարեւորութիւնը: Բայց անկէ անմիջապէս ետք կատարուեցաւ Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնը, յետոյ` Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը Հայաստան եւ անոր սադրիչ յայտարարութիւնները», ըսաւ Պայրամով:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2024, 08:00