Որոնել

2024.02.24 Raccolta Fondi per scuola suore armene

Հայ Քոյրերու Վարժարանի կալա-դրամահաւաքը

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը ծնունդ առած է 1800ականներու կէսերուն, իսկ դպրոցին դռները Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ բացուած են 1985ին։ Մանկամսուրէն մինչեւ 8րդ դասարան ներառնող Հայ կաթողիկէ վարժարանին նպատակն է՝ մանուկին ամբողջական հոգեւոր, մտաւոր, ակադեմական, զգացական եւ ընկերային զարգացումը ապահովել:
Ունկնդրէ լուրը

10 Փետրուարին տեղի ունեցաւ, Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի տարեկան դրամահաւաքի առաջին կալա-երեկոն, Glenoaks Anoush Banquet Hall-ին մէջ։ «Սէրը այն ամէնն է, ինչ որ ձեզի հարկաւոր է» թեմայով զարդարանքներ կային ամէնուրեք՝ գեղեցիկ ծաղիկներ, սրտիկներ եւ տուրմեր:

Յաջողակ երեկոն իր տեսակին մէջ առաջին միջոցառումն էր Հայ Քոյրերու վարժարանին աջակցելու նպատակով հիմնուած նորաստեղծ հիմնադրամին։

Կալային ներկայ էին վարժարանի ընտանիքներ, բարեկամներ, համայնքի ականաւոր անդամներ եւ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան անձեր:

Կալան սկիզբ առաւ առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանի աղօթքով, որուն յաջորդեց մեծաւոր մայր Արուսեակ Սաճոնեանի ողջոյնի խօսքը։ Միջոցառումը դրսեւորեց շրջանաւարտներու ցանցին եւ վարժարանին ուժը՝ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն:

Օրուան հանդիսավարը՝ շրջանաւարտ Վարդգէս Նաճարեան, ներկայացուց շրջանաւարտ Քրիսթա Քիւրքճեանը՝ սրտի խօսքով ելոյթ ունենալու համար:

Վարժարանին ցանցը կ՛ընդգրկէ ոչ միայն աշակերտները եւ անձնակազմը, այլ նաեւ բազմաթիւ ծնողներ եւ համայնքի անդամներ, որոնք ներկայ էին այդ երեկոյ եւ աշխուժօրէն կը մասնակցէին դրամահաւաքի ջանքերուն:

Սրտի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ դպրոցի ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուիզա Գասարճեան եւ ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ:

Մինչ միջոցառման ընթացքին տեղի կ՛ունենար լուռ աճուրդը, համայնքին կողմէ նուիրուած բազմաթիւ հիանալի իրերու կենդանի աճուրդը յատուկ բան կը ցուցադրէր. վարժարանը խնդրած էր իր աշակերտներէն գծագրել վզնոցի ձեւաւորում մը, որ կը մարմնաւորէ հայ ըլլալու էութիւնը, Հայ Քոյրերու վարժարանի ոգիին հետ միաձուլուած: Աշակերտներու նկարներէն մէկը ընտրուած եւ անոր հիման վրայ պատրաստուած էր իւրայատուկ ոսկիէ վզնոց մը, որ աճուրդի հանուեցաւ կալային ընթացքին:

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը ծնունդ առած է 1800ականներու կէսերուն, իսկ դպրոցին դռները Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ բացուած են 1985ին։ Մանկամսուրէն մինչեւ 8րդ դասարան ներառնող Հայ կաթողիկէ վարժարանին նպատակն է՝ մանուկին ամբողջական հոգեւոր, մտաւոր, ակադեմական, զգացական եւ ընկերային զարգացումը ապահովել:

«Երեխաները մեր ապագան են, եւ մենք կը հաստատենք մեր վճռականութիւնը՝ աջակցելու, առաջնորդելու, դաստիարակելու եւ օգնելու անոնց, որպէսզի անոնք դառնան այնպիսի հրաշալի տղամարդիկ եւ կանայք, ինչպէս Աստուած նախատեսած է», կ՛ըսէ դպրոցի ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուիզա Գասարճեան:

Կալայէն մէկ շաբաթ ետք, վարժարանը կազմակերպեց իր ամէնամեայ «Բաց դռներ» միջոցառումը, որուն ընթացքին հաւանական նոր աշակերտներու ծնողներուն ներկայացուեցաւ դպրոցին նուիրուածութիւնը ուսման, կրօնքին, համայնքին եւ լեզուին նկատմամբ:

Ընդհանուր առմամբ, կալան յաջող երեկոյ էր՝ լի զուարճանքով, ծիծաղով եւ Հայ Քոյրերու վարժարանի վեհ առաքելութեան հանդէպ աջակցութեամբ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 09:40