Թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու բաց մրցոյթ
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը 2023-ի աւարտին մեկնարկեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» նախագիծին երկրորդ փուլը, որուն նպատակն է մարդկային ուսմանց եւ հասարակական գիտութիւններու արդի համաշխարհային գրականութիւնը հասանելի դարձնել հայերէն լեզուով։
Վերնագիրներու երկար ցանկ մը կազմուած էր խորհրդատու յանձնախումբի անդամներուն, առաջին փուլին թարգմանիչներուն, խմբագիրներուն և հրատարակիչներուն կողմէ, ինչպէս նաև Հայաստանի համալսարանական համապատասխան բաժանմունքներու դասախօսներու և տնօրէններու առաջարկութիւններուն հիման վրայ: Առաջարկուած 72 վերնագիրներէն տասը գիրք ընտրուեցաւ նախագիծի խորհրդատու մարմինին և Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ: Հիմնարկութիւնը հաստատեց խորհրդատու յանձնախումբին առաջարկութիւնները և այդուհետ պիտի հովանաւորէ այդ տասը գրքերուն հայերէն թարգմանութիւնները:
Թարգմանելի նոր գիրքերուն վերնագիրներն են՝
- Benedict Anderson, Imagined Communities: Reflections on the Origin and Spread of Nationalism
- John Rawls, A Theory of Justice
- Gayatri Chakravorty Spivak, A Critique of Postcolonial Reason: Toward a History of the Vanishing Present
- Lawrence Venuti, The Translator’s Invisibility: A History of Translation
- Jacques Le Goff, La civilisation de l’Occident médiéval
- Ludwig Wittgenstein, Logisch-Philosophische Abhandlung / Philosophische Untersuchungen
- Carlo Ginzburg, Il formaggio e i vermi
- William James, Pragmatism
- Terry Eagleton, Marxism and Literary Criticism
- Edgar Wind, Art and Anarchy.
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը եւ նախագիծը համակարգող «ԱՐԻ գրականության հիմնադրամ»-ը կը մեկնարկեն երկու բաց մրցոյթ՝ թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու համար։
Թարգմանութեան ընդհանուր պայմաններն են՝
- Դիմումները կրնան ըլլալ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն թարգմանութեան համար.
- Բոլոր թարգմանութիւնները պէտք է ըլլան բնագիր լեզուներէն.
- Իւրաքանչիւր թարգմանիչ մէկ գիրքի թարգմանութեան դիմում կրնայ ներկայացնել։
Թարգմանութեան դիմումի փաստաթուղթեր՝
- Բացատրական նամակ՝ նշելով գիրքի ընտրութեան պատճառները եւ զայն թարգմանելու կարողութիւնները.
- Սեղմակենսագրական եւ թարգմանական աշխատանքային փորձ.
- Ընտրուած գիրքէն թարգմանական նմուշ (5-էն 7 էջ)։
Հրատարակիչներուն վերաբերող ընդհանուր պայմաններն են՝
- Հրատարակիչները կրնան մէկէ աւելի գիրք հրատարակելու դիմում ներկայացնել.
- Հրատարակիչները պէտք է կարենան ընդհանուր ծախսերը ամբողջութեամբ կամ մասամբ հոգալ։
Հրատարակիչներու դիմումի փաստաթուղթեր՝
- Բացատրական նամակ՝ գիրքի կամ գիրքերու ընտրութեան պատճառները նշելով.
- Հրատարակութեան ցրւումի եւ ծանուցումի արշաւ։
Հետաքրքրուող թարգմանիչներն ու հրատարակիչները իրենց դիմումները պէտք է ղրկեն հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ info@ariliterature.org. յաւելեալ հարցումներու պարագային կարելի է հեռաձայնել +374 99 05 11 12 թիւին։
Բոլոր դիմումներուն վերջնաժամկէտն է՝ 1 մարտ 2024-ը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ