Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ամբողջութեամբ ջնջած իր կայքի «ԼԵռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիր» բաժինի բովանդակութիւնը
«Թերթ»ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքէն ջնջած է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր» բաժինի բովանդակութիւնը բոլոր 4 լեզուներով՝ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական էջէն հեռացուցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկոյցներ բաժինը:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով «Ազատութեան» յայտնած էր, որ առաւել քան 30 տարիներ առաջ ընդունուած այս փաստաթուղթէն (Սահմանադրութեան-Խմբ.) բացի Պաքուի համար վիճայարոյց է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, ուր Ղարաբաղեան հարցին նուիրուած հատուածին մէջ կը նշուի, թէ Արցախը պատմական Հայաստանի անբաժանելի մասն է: Ամիրպեքով իբրեւ խնդրայարոյց օրինակ՝ նշեց նաեւ Հայաստանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ներկայացուած վերջին հայցերը՝ պնդելով, որ անոնց մէջ ալ եղած են տարածքային նկրտումներ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ