Մաշտոցեան մատենադարանի տնօրէնութեան պաշտօնական այցը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
22-26 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Արա Խզմալեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Վահէ Թորոսեան (տեղակալ), Գուրգէն Գասպարեան (խորհրդական) եւ Միհրան Մինասեան (խորհրդական):
Ուրբաթ, 23 Փետրուարի առաւօտուն, պատուիրակութիւնը իր պաշտօնական այցը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկեցին համագործակցութեան խորացման տարաբնոյթ նիւթեր: Հիմնական երկու մարզերու մէջ անոնք փափաքեցան ունենալ Վեհափառ Հօր տեսակէտն ու օրհնութիւնը: Նախ՝ հայկական ձեռագրական ժառանգութեան վերարժեւորման, գրչագրական կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան, ձեռագիրներու պահպանման, վերականգնումի եւ թուայնացումի գծով, ապա՝ հայագիտութեան ներկայ վիճակն ու ապագայ ձգտումները քննարկող քոնկրէսի կայացման ու անոր առաջադրած առաջնահերթային խնդիրները պարզող ու համակարգող կարելիութիւնները ձեւակերպելու: Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց Մատենադարանին տեղը, դերն ու կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին սատարած ծառայութեանց համար: Ողջունեց տնօրէն Խզմալեանը իր նոր պաշտօնին համար՝ մաղթելով յանձնառու, լուրջ եւ խանդավառ գործունէութիւն: Գնահատեց պատուիրակութեան Կաթողիկոսարան եւ լիբանանահայ կեդրոններուն կատարելիք հանդիպումներուն համար: Ի վերջոյ կատարեց իր նշումներն ու պատկերացումները իրեն ներկայացուած թղթածրարին առնչութեամբ:
Նոյն երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, պատուիրակութիւնը զեկուցական հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, միաբանութեան եւ ուսանողութեան հետ:
Շաբաթ, 24 Փետրուարին պատուիրակութիւնը այցելեց Զմմառու պատրիարքական կղերական միաբանութեան, ուր գործակցութեան յուշագիր ստորագրեց, ապա այցելեց Պիքֆայա, Ս. Աստուածածին Վանքն ու Դպրեվանքը, ուր դիմաւորուեցան տեսչութեան եւ ուսանողութեան կողմէ, եւ իրազեկ դարձաւ հոն տարուող ուսումնակրթական գործունէութեան:
Կիրակի, 25 Փետրուարին Մատենադարանի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանն ու Թանգարանը, ծանօթացան ձեռագրական ու հնատիպ հաւաքածոներուն եւ թանկարժէք մշակութային փրկեալ ժառանգութեան: Ապա, մեկնեցան Ճըպէյլ եւ ծանօթացան Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք յառաջացած հայկական որբանոցին՝ «Թռչնոց Բոյն»ին եւ համահայկական եզակի կեդրոն Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին:
Իսկ Երկուշաբթի, 26 Փետրուարի առաւօտուն, պատուիրակութեան կրկին առիթը ընծայուեցաւ տեսակցելու Վեհափառ Հայրապետին հետ: Տնօրէն Խզմալեան այցելութեան արդիւնքներուն մասին իրազեկ դարձուց Հայրապետը եւ պատուիրակութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց հիւրընկալութեան ու ջերմ վերաբերմունքին համար։
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ