Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներու շարքին կայ մէկ ՀՀ քաղաքացի. ԱԳՆ
Մոսկուայի մէջ մարտ 22-ին տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերու շարքին կայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ քաղաքացի։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։
«Ի շարունակութիւն աւելի վաղ տարածուած մեր հաղորդագրութեան՝ յայտնում ենք, որ համաձայն պաշտօնական հաստատման՝ մարտի 22-ին Մոսկուայում տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածների թւում կայ մէկ ՀՀ քաղաքացի»,- ըսուած է Անի Բադալեանի գրառման մէջ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ Արտաքին իրավիճակներու նախարարութիւնը հրապարկած է ահաբեկչութեան հետեւանքով 68 զոհուածներու անունները, որոնց շարքին հաստատուած է Լիլիթ Իսրայէլեանի անունը։
Ավելի վաղ Regnum գործակալութիւնը գրած էր, որ «Քրոքուս սիթի հոլ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք Լիլիթ Իսրայէլեանը անհետ կորսուած կը համարուէր։ Ան ամուսնոյն հետ գացած էր «Փիքնիք» խումբի համերգին։
Լիլիթի ընտանիքը յայտնած է, որ ամուսինները զոհուած են ահաբեկչութեան ժամանակ։
«Ցաւօք, Լիլիթն ու Վուկարը զոհուած են։ Մեզի հիմա նոր ըսին Լիլիթի մասին։ Մեզ համար հիմա շատ դժուար է»,- պատմած է ընտանիքը:
33-ամեայ Լիլիթ Իսրայէլեանը եւ ամուսինը՝ Վուկար Հուսէյնովը, վաղուց կ՚երազէին խումբի համերգին ներկայ գտնուելու մասին: Այդ օրը անոնք ընտանիքի անդամները զգուշացուցած են, որ քանի մը ժամով անհասանելի պիտի ըլլան, որ ոչ ոք իրենց անհանգստացնէ: Ահաբեկչութեան մասին առաջին հաղորդումներէն ետք ամուսինները դադրած էին պատասխանել հեռախօսազանգերուն։ Մարտ 23-ի առաւօտեան հրապարակուած զոհերու ցուցակին մէջ հարազատները տեսած են Վուկարի անունը, Լիլիթը համարուած էր անհետ կորսուած։
Յիշեցնենք, որ Մոսկուայի մէջ մարտ 22-ին տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով վերջին տուեալներով զոհուած է 133 մարդ, վիրաւորուած աւելի քան 150 մարդ։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ