Որոնել

Լոզանի լիճը Լոզանի լիճը  (AFP or licensors)

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (2)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։

Պատրաստեց Սօսէ Փիլաւճեան

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այս ընթացքին իթթիհատականներու կողմէ սպառնալից նամակներ կ'ուղարկուէին հայ մամուլին եւ Կաթողիկոսին։ Անոնք շուտով սպառնալիքէն գործնականի կ'անցնին եւ ազգային անվտանգութեան պատճառով, ապա նաեւ հայերու ենթադրեալ դաւաճանութեան պատրուակով որոշում կ'ընդունին` կայսրութեան արեւելեան եւ հարաւային շրջաններէն տեղահանել հայ ազգաբնակչութիւնը։

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ներքին գործոց եւ անվտանգութեան նախարարութիւնը, Իթթիհատի Կեդրոնական կոմիտէն ինչպէս նաեւ պատերազմի հարցերով նախարարութեան պատուիրակութիւնը մամուլի միջոցաւ ընդարձակ տեղեկատուական եւ քարոզչական արշաւ մը կը կազմակերպեն հայերուն կատարած եւ ծրագրած ենթադրեալ "յանցագործութիւնները" բացայայտելու միտումով։ Հոս հայերը կը մեղադրուէին թշնամիին հետ գործակցելու, իշխանութեան ղեկին կանգնած կուսակցութեան` իթթիհատի պարագլուխները սպաննելու մեղադրանքներով։

Քաջ գիտակցելով տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը իթթիհատականները իրենց գործողութիւնները կը զետեղէին ողջամիտ թուացող շարժառիթներու կողքին։ Շրջանառութեան մէջ էին գաղտնի տեղեկութիւններ, որոնք ցեղասպանութեան կը դրդէին։

1914֊ի Օգոստոսին Թուրքիան "զինուած չէզոքութիւն" կը յայտարարէ եւ ընդհանուր զօրահաւաք կը կազմակերպէ։ Զօրահաւաքը կ'ընդգրկէր նաեւ հայերը, որոնց տարիքը սահմանուած էր 20֊45֊տարեկան, ապա նաեւ 15֊20, իսկ ետքը 45֊60֊տարեկան։ Այս վերջին տարիքային խումբին համար դեսպան Մորգենթաում իր յուշերուն մէջ կը գրէ "...Անոնք երթերու ժամանակ ստիպուած էին թուրքերու սուիններու եւ մտրակներու ներքոյ ձիւնի միջով մեծ ծանրութիւններ տեղափոխել։ Քիչերուն կը յաջողէր հասնիլ նշանակման վայր, բայց միեւնոյնն է շուտով անոնք ալ կ'ոչնչացուէին"։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2024, 10:21