Որոնել

SWITZERLAND-WEATHER-MOUNTAINS

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (3)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։

Պատրաստեց Սօսէ Փիլաւճեան

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

... Ընդհանուր զօրահաւաքէն որոշ ժամանակ ետք Թուրքիան իսկապէս պատերազմ կը յայտարարէ եւ կը յարձակի Սեւ Ծովի վրայ գտնուող Ռուսական զորքերու վրայ, մինչդեռ հայերու հանդէպ հալածանքները կը շարունակուէին, մի քանի տեղեր ապստամբութեան հանդիպելով։ Այսպիսով` կը հասնի տխրահռչակ 1915 թուականի Ապրիլ 24֊ը, երբ ներքին գործոց նախարարութիւնը հրաման կ'արձակէ` ձերբակալել իթթիհատի դէմ թշնամանք տածելու մէջ կասկածուող բոլոր հայերուն։ Այս ձերբակալութիւններուն կը հետեւէին սպաննութիւնները եւ տեղահանութիւնը` առանց որեւէ դատի։

 Առաջին աշխարհամարտին` մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենամեծ ցեղասպանութիւնը գործուեցաւ հայերուս հանդէպ։ Սակայն հայը` որպէս փիւնիկ, մոխիրէն վերընձիւղուելով 1918֊ին կրկին վերադարձաւ իր հայրենի բնօրրանը` Արեւմտեան եւ Կիլիկիան Հայաստանները։

1918֊ի Նոյեմբերին, Ֆրանսական, Անգլիական եւ Իտալական զորքերը գրաւեցին Պոլիսը։ Դաշնակիցները որոշեցին պատժել հայերու դէմ անմարդկային ոճիրներ գործած ռազմական յանցագործներուն։

Սակայն հայերու տունդարձի պատրանքային անդորրը երկար չտեւեց։

1919֊ի Մայիսին, ասպարէզ եկած ազգայնական շարժման ղեկավար` Մուստաֆա Քէմալ ապստամբելով` 1920֊ի Ապրիլին Պոլսոյ նախագահ ընտրուելու առաջին իսկ պահէն, որոշում կայացուց բնաջնջել քրիստոնեայ ժողովուրդները։

1920֊ի Ապրիլին Սեւրի դաշնագիրը կնքուեցաւ ։

1920֊ի Օգոստոսին` Կիլիկիոյ անկախութիւնը յայտարարուեցաւ։

Եւրոպական երկիրներու երկդիմի քաղաքականութեամբ` երբեմն թաքուն, երբեմն ալ բացայայտ խրախուսանքով, առաւել եւս Ռուսաստանի համայնավար ղեկավարութեան զէնքի եւ զինամթերքի հայթայթումով, Մուստաֆա Քէմալ խոշոր յաղթանակներ տարաւ։ Անոր ղեկավարած ազգայնական շարժումը` Փոքր Ասիան վերստին հնոցի  վերածեց։

Այդ օրերու Եւրոպական մամուլի մէջ բողոքի ձայն բարձրացուցին, ըսելով "Փոքր Ասիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ Քէմալականներու կատարած դաժանութիւնները աննախադէպ են"։

((Տէյլի Թելեկրաֆ)) պարբերականը` հիմնուելով Ամերիկացի միսիոնարներու վկայութիւններուն, կը յայտնէր, որ Քէմալականներու կատարած եղեռնագործութիւնները գերազանցեցին 1894֊95֊թուականներու Համիտեան եւ 1915֊ի իթթիհատականներու` Թալիաթի, ճեմալի, Էնվէրի, Պէհետտին Շէքէրի կոտորածներուն։

1923֊ի Սեպտեմբերին, Լոզանի դաշնագրի վաւերացումով, Քէմալի իշխանութիւնը սկսաւ թուրքիոյ մէջ օրէնքներ սահմանել` բացառելու համար դաշնակիցներու կողմէ թելադրուած` ազգային փոքրամասնութիւններու վերաբերող դրոյթներու կիրառումը։ Այդ օրէնքներով Թուրքիան Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն տարագրուած հայերուն զրկեց պապենական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքէն։

Քէմալի իշխանութիւնները ամբողջապէս տիրացան տարագրուած եւ երկրէն հեռացած հայերու ունեցուածքին։ Այսպէս շարունակելով երիտթուրքերու ծրագիրը` Քէմալականները բնաջնջեցին եւ տեղահանեցին Արեւմտահայերուն իրենց դարաւոր հայրենիքէն եւ ասպարէզէն վերացուցին հայկական հարցը։

Երկիրը հայաթափելէ ետք` Քէմալականները անցան երիտթուրքերու անաւարտ թողած գործին` հայկական պատմամշակութային կոթողները ոչնչացնելու արշաւին։

Մինչեւ 1914 թուականը հայերը ունէին 2538 եկեղեցի, 2000 դպրոց եւ 451 վանք։

1923֊ի Լոզանի դաշնագրով վերջնականապէս փակուեցաւ անկախ Հայաստանի հարցը եւ հայը վտարանդի ցուպը առած, մէկընդմիշտ լքեց իր պապենական հողը եւ սփռուեցաւ աշխարհով մէկ։

Քէմալականները դարերու ընթացքին հայերու ունեցուածքի հաշուին լրացուցին պետական դատարկ գանձանակը ու վճարեցին արտաքին պարտքերու զգալի մասը։

29 Հոկտեմբեր 1923֊ին, Հռչակեցին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը։ ժամանակակից Թուրքիան կառուցուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին բռնութեամբ իւրացուած նիւթական, քաղաքական, ռազմական արժէքներու հիմքի վրայ։

19֊րդ դարուն սկիզբ առած եւ մինչեւ Լոզանի դաշնագիրը երկարող հայերու նկատմամբ կազմակերպուած կոտորածները, չկարողացան սասանել հայերու անկոտրուն կամքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2024, 08:54