Պրիւքսէլէն 2.5 Միլիոն եւրոյի աջակցութեամբ՝ ԹՈՒՄՕն պիտի վերակառուցէ Գիւմրիի շուկան
11 Մարտին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որուն համաձայն Եւրոպական Միութիւնը պիտի տրամադրէ 2․5 միլիոն եուրօ (2.7 տոլար) ՝ Գիւմրիի հին շուկան վերակառուցելու, միջազգային խոհարարական դպրոց մը հիմնելու եւ տնտեսական զարգացման խթանման երկարաժամկէտ ծրագիր մը իրականացնելու համար:
«Գիւմրիի շուկայ եւ խոհարարական դպրոց» ծրագիրին նպատակն է՝ քաղաքը դարձնել զբօսաշրջութեան եւ խոհարարութեան տարածաշրջանային կեդրոն մը՝ մէկտեղելով հայկական խոհանոցի ժառանգութիւնը եւ նորարարական մօտեցումները:
Ծրագիրին հիմնասիւնը միջազգային մակարդակի կրթութիւն ապահովող խոհարարական դպրոցն է, որուն ուսումնական ծրագիրին մշակման համար ԹՈՒՄՕն կը համագործակցի հեղինակաւոր Institut Lyfe ֆրանսական դպրոցին հետ՝ Հայաստան բերելով խոհարարական կրթութեան լաւագոյն փորձառութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած մօտեցումները: Աւելի՛ն, երկամեայ կրթական ծրագիրը աւարտած լաւագոյն ուսանողները առիթը պիտի ունենան իրենց ուսումը շարունակելու Institut Lyfe-ի մէջ, որ կը գտնուի Լիոն մէջ։
«Հայ խոհարարներու նոր սերունդի զարգացման նպատակով կը ստեղծուի իւրայատուկ կրթական փորձառութիւն, ուր ֆրանսական աշխարհահռչակ դպրոցի ուսումնական ծրագիրը կ՛ամբողջանայ ԹՈՒՄՕի՝ փորձուած մօտեցումներուն հետ: Ուսանողները հիմնական ուսուցումը պիտի ամբողջացնեն միջազգային փորձագէտներու կողմէ իրականացուող աշխատանոցներու մէջ», կը նշէ Փափազեան:
Դպրոցին մէջ բարձրակարգ խոհարարական հմտութիւններ ձեռք ձգելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան տարին 30 ուսանողներ, որոնց մեծ մասը կրթանպաստ պիտի ստանայ:
«Այս ծրագիրը նոր էջ մը կը բանայ Գիւմրիի տնտեսութեան համար: Տեղւոյն բնակիչներուն, յատկապէս երիտասարդներուն եւ ձեռներէցներուն նոր հմտութիւններ եւ կարելիութիւններ տրամադրելով՝ մենք կ՛օգնենք Գիւմրիին գործարկելու իր հսկայական ներուժը: Եւրոպական Միութիւնը հպարտ է աջակցելու այսպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք կը զարգացնեն եւ կը խթանեն տնտեսութիւնը Հայաստանի մարզերուն մէջ: Շնորհակալութիւն ԹՈՒՄՕին եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանին՝ ծրագիրի իրագործման գծով համագործակցութեան համար», ըսաւ դեսպան Մարակոս:
Գիւմրիի հին շուկան պիտի վերածուի կրթական, խոհարարական եւ տնտեսական զարգացման հանգոյցի մը, ուր խոհարարական դպրոցին կողքին պիտի տեղակայուին՝
– Կրթական տարածքներ՝ աշխատանոցներու եւ այլ ուսումնական միջոցառումներու կազմակերպման համար,
– Առեւտուրի տաղաւարներ, որոնք տեղւոյն առեւտրականներուն առիթը կ՛ընձեռեն աշխատելու ապահով եւ առողջ պայմաններու մէջ,
– Ճաշարաններ,
– Արուեստի գործերու եւ ձեռագործ իրերու խանութներ,
– Փառատօներու, համերգներու, տօնավաճառներու եւ զբօսաշրջութեան ձեռնարկներու կազմակերպման տարածք մը։
Ծրագիրին կ՛աջակցին նաեւ Ճուտիթ Սարեան եւ Վիքթոր Ծարուկեան, ինչպէս նաեւ Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնադրամը (JHM):
Պիտի յայտարարուի միջազգային ճարտարապետական մրցոյթ մը՝ ընտրելու համար այն խումբը, որ պիտի ստանձնէ կեդրոնի կառուցման աշխատանքները, որոնք պիտի սկսին խումբին ընտրութենէն անմիջապէս ետք՝ մինչեւ այս ամառ։ Շուկային եւ խոհարարական դպրոցին բացումը նախատեսուած է 2026ին։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ