Որոնել

2023.08.23 Artsakh. Secondo gruppo di giovani riescono a trasferirsi in Armenia

37,685 Եւ­րօ․ Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի նպաստ յու­նա­հա­յու­թեան դրա­մա­հա­ւա­քը․ Յայտարարութիւն

Դ­րա­մա­հաւ­աքէն գո­յա­ցած գու­մա­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար բա­րեն­պաստ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ ար­դէն խորհր­դակ­ցու­թեան ու կա­պի մէջ ենք Հ.Օ.Մ.-ին հետ, ի­րենց հա­ւաս­տիաց­նե­լով, թէ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը եր­բեք չի զլա­նար Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան զօ­րակ­ցու­թեան սրբա­զան գոր­ծին:

Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կող­քին գտնուե­լու եւ գործ­նա­պէս զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լու նպա­տա­կով՝ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր նպաս­տը բե­րաւ Հ.Օ.Մ.-ի մեծ ըն­տա­նի­քին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած դրա­մա­հա­ւա­քին։ ­Շուրջ ե­րեք ա­միս տե­ւած դրա­մա­հա­ւա­քով, բայց նաեւ միօ­րեայ ծա­ւա­լուն հե­ռա­ձայ­նա­յին ար­շա­ւով մը (­Ֆո­նե­թոն), միա­ցեալ յանձ­նա­խում­բի կա­մա­ւոր ըն­կեր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, կա­րե­լի ե­ղաւ 37,685 եւ­րո­յի գու­մա­րը ա­պա­հո­վել։

­Խոս­տա­ցո­ւած նուիրատուութիւննե­րու գան­ձում­էն ետք, գումարը պիտի փո­խան­ցո­ւի Հ.Օ.Մ.-ին, ծա­ռա­յելու համար Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած ժո­ղո­վուր­դի ա­նա­պա­հով ըն­տա­նիք­նե­րուն, տրա­մադ­րո­ւած բնա­կա­րան­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման, նաեւ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման մի­տող գոյ­քե­րու տրա­մադր­ման։

Դ­րա­մա­հաւ­աքէն գո­յա­ցած գու­մա­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար բա­րեն­պաստ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ ար­դէն խորհր­դակ­ցու­թեան ու կա­պի մէջ ենք Հ.Օ.Մ.-ին հետ, ի­րենց հա­ւաս­տիաց­նե­լով, թէ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը եր­բեք չի զլա­նար Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան զօ­րակ­ցու­թեան սրբա­զան գոր­ծին:

­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ յոյն բա­րե­կամ­ներ, ա­ւե­լի քան պատ­րաս­տա­կամ գտնո­ւե­ցան մաս­նակ­ցե­լու եւ ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րե­լու Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի նպաստ դրա­մա­հա­ւա­քին։ Այս նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­ցին նաեւ յու­նա­հայ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած գու­մար­ներ, որ հա­սոյ­թա­բեր ձեռ­նարկ­նե­րէ գո­յա­ցան եւ այս նպա­տա­կին հա­մար յատ­կա­ցուե­ցան։

­Ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ յոյն բա­րե­կամ­նե­րուն, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ՝ Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րուն ու ծրա­գիր­նե­րուն ի­րենց ան­վե­րա­պահ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով:

Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2024, 07:18