Հռոմի մէջ ցուցադրուեցաւ Իննա Սահակեանի «Ավրորայի Լուսաբացը» ֆիլմը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Իտալիայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ, ուրբաթ 8 Մարտի երեկոյեան «Francofilm Festival» ի ծիրէն ներս Հռոմի ֆրանսական «Centre Saint-Louis» կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ Իննա Սահակեանի «Ավրորայի Լուսաբացը» ֆիլմը, ի ներկայութեան Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ վսեմաշուք դեսպան` Տիկ Ծովինար Համբարձումեանի եւ այլ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու ինչպէս նաեւ իտալացի ու ֆրանսացի հանդիսատեսներու եւ հայ գաղութի անդամներու։
«Francofilm» փառատօնը 14 տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի «Centre Saint-Louis» հաստատութեան կողմէ համագործակցութեամբ Հռոմի մէջ հաւատարմագրուած «ֆրանկոֆոնիայի» անդամ երկիրներու դեսպանութիւններու և դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցչութիւններու (GAF)։
Սէն Լուի հաստատութիւնը մաս կը կազմէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան արտերկրի մշակութային կեդրոններու ցանցին ու կը գործէ Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսական դեսպանութեան հովանաւորութեան ներքոյ։ Ան հիմնուած է 1945ին, Ժագ Մարիթէն Դեսպան Փիլիսոփայի կողմէ նպատակ ունենալով դառնալ ֆրանսական մշակոյթի ու լեզուի խթանումի վայր։
«Ավրորայի լուսաբացը» վաւերագրական-անիմացիոն ֆիլմը, կը վայելէ Զօրեան Հաստատութեան գիտական աջակցութիւնը եւ իրականացուած է Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հիման վրայ։
Ֆիլմի ցուցադրութենէն առաջ Դեսպան Ծովինար Համբարձումեան ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկաներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Տիկ Ֆլորանս Մանկէնին ապա նշեց` որ «Ավրորայի լուսաբացը» վաւերագրական ֆիլմը հիմնուած է իրական պատմութեան վրայ ու կը պատմէ Ավրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը, որ երիտասարդ հասակին ականատես եղաւ հայոց ցեղասպանութեան սարսափելի իրողութեան բայց կարողացաւ փրկուիլ ու փախչիլ Ամերիկա, ուր, ըսաւ Դեսպան Համբարձումեան, «ան ջանաց դիմագրաւել կեանքի ամենադժուար մարտահրաւէրը, այն է մնալ մարդ արարած ու մարդկային հակառակ ճակատագրի դաժան հարուածներուն»։
ՀՀ Իտալիոյ մօտ դեսպանը ապա ընդգծեց թէ ֆիլմը ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի վրայ, որպէսզի անիկայ չմոռցուի և նման յանցագործութիւններ չկրկնուին մարդկութեան դէմ։
Դեսպանը յիշեց նաեւ թէ ինչպէս 2015 ստեղծուեցաւ Ավրորա Մարտիկանեանի անունը կրող մարդասիրական նախաձեռնութիւնը, յանուն Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներուն եւ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն։
«Ավրորան» Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերու ժառանգներէն՝ Նուպար Աֆեյեանի և Ռուբէն Վարդանեանի, ինչպէս և հայկական դառը փորձառութիւնը լաւագոյնս ուսումնասիրած գիտնական Վարդան Գրիգորեանի մարդասիրական ձեռնարկումն է: Նշենք` որ Ռուբեն Վարդանեանը այժմ ապօրինի կերպով կալանաւորուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ։
«Ավրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նպատակը եղած է շարունակ աջակցիլ մերօրեայ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով՝ օգնութեան կը հասնին ամենակարիքաւորներուն և կը ջանան բարելաւել առաւել խոցելի և աղքատ մարդկանց կեանքը աշխարհի տարբեր վայերուն մէջ:
Ճիշտ ինչպէս աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ հայերուն օգնութեան ձեռք մեկնեցին միսիոներներ, անհատներ և կազմակերպութիւններ, որոնց շնորհիւ է` որ Ավրորա Մարտիկանեանը կարողացաւ հասնիլ Միացեալ Նահանգներ եւ իր կարգին դառնալ մարդկայնութեան օղակ մը, իր գործունէութեամբ ու ջանքերով օգնութեան հասնելով իր հայրենակիցներուն։
Արդարեւ Մարտիկանեանը Միացեալ նահանգներուն մէջ լրագրողներու օգնութեամբ կը կարողանայ Նիու Եորքի և Լոս Անճելըսի թերթերուն մէջ հրատարակել «Երկու տարուայ տանջանքներս իմ յօշոտուած ու մարտիրոսուած հայրենիքին մէջ» խորագրով ցեղասպանութեան մասին իր վկայութիւնները, 1918 թուականին։ Նոյն տարուայ աւարտին ամերիկեան Selig Polyscope ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կինոռեժիսոր Օսկար Ափֆելը իրականացուց այդ գիրքի վրայ հիմնուած համր ֆիլմ մը, որուն մէջ գլխաւոր դերը վերապահուած էր ճիշտ Ավրորա Մարտիկանեանին։ Նոյն Ֆիլմին մէջ իր իսկ կերպարը մարմնաւորած էր նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Հենրի Մորկընթաուն։
Դժբախտաբար սակայն այդ ժապաւէնի օրինակները անբացատրելի կերպով անյայտացած են ու մնացած են լոկ մի քանի վայրկեան տեւող մասեր, որոնք ներառուած են վերոնշեալ վաւերագրական ժապաւէնին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ