Քոնկրեսականներ կոչ ըրին՝ ապահովելու Արցախէն տեղահանուածներուն վերադարձը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» շէնքին մէջ, 12 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցած եւ Արցախի ցեղասպանութեան հետեւանքները շրջելու կարելիութիւններուն քննարկումին նուիրուած հաւաքին ընթացքին, շարք մը քոնկրեսականներ շեշտեցին, թէ պէտք է երաշխաւորել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան ապահով վերադարձը։
Հաւաքին կողքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները մօտաւորապէս 100 հանդիպումներ ունեցան քոնկրեսականներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, լուսարձակի տակ պահելու համար այս հարցը։
Հաւաքին ընթացքին ելոյթներ ունեցան ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր «Լեմքին» հիմնարկի գործադիր վարիչ դոկտ. Էլիսա ֆոն Ճոյտըն Ֆորկի:
Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն յայտարարեց, թէ իր ձայնը կը միացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ շարք մը այլ իրաւապաշտպաններու, որոնք կոչ կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն` պատասխանատուութեան ենթարկելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Արցախի հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպան քաղաքականութեան համար՝ աւելցնելով, որ Արցախի հայութիւնը պէտք է վերադառնայ իր հայրենի հողերը:Մարքի եւ Փալոն
Ծերակուտական Էտ Մարքի երկրորդեց Փալոնին՝ խոստանալով իր կարելին ընել Արցախի հայութեան տարրական իրաւունքները պաշտպանելու համար։
Նաեւ շարք մը քոնկրեսականներ շեշտեցին Արցախէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդին անմիջական աջակցութիւն հասցնելու կարեւորութիւնը։
Գլխաւոր բանախօսը շեշտեց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր՝ ազդարարելով, որ ցեղասպանական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական յարձակումները եւ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասէն հատուած մը իւրացնելու ջանքը։Դոկտ. Էլիսա ֆոն Ճոյտըն ՖորկիՃիմ Քոսթա
Իրաւաբան Գառնիկ Քէրքոնեան յայտարարեց, թէ Արցախի բռնագրաւումը շարունակելը Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան վարձատրութիւն պիտի նշանակէ, իսկ Արցախի Հայ Դատէն Գեւ Էսքիճեան իր ականատեսի վկայութիւնները փոխանցեց եւ յիշեցուց արցախցի մօր մը պատգամը, թէ՝ Արցախի իրաւունքներուն վերատիրանալու պայքարը պէտք չէ կասեցնել։
Ելոյթ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ Կէյպ Ամօ, Ճուտի Չու, Սեէ Մեկըզինըր, Ճիմ Քոսթա եւ Պրետ Շնայտըր, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ