Որոնել

Արամ Ա Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Եթովպական համայնքէն պատուիրակութիւն մը Արամ Ա Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Եթովպական համայնքէն պատուիրակութիւն մը  

Արամ Ա Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Եթովպական համայնքէն պատուիրակութիւն մը

Այցելուները Հայրապետին փոխանցեցին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին համայնքին նկատմամբ Նորին Սրբութեան ցուցաբերած հոգածութեան համար եւ պետութեան առնչուած կարգ մը հարցերու գծով խնդրեցին անոր միջամտութիւնը:

Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի եթովպական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւին եւ վարչութեան ատենապետին:

Այցելուները Հայրապետին փոխանցեցին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին եղբայրական ողջոյնները, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին համայնքին նկատմամբ Նորին Սրբութեան ցուցաբերած հոգածութեան համար եւ պետութեան առնչուած կարգ մը հարցերու գծով խնդրեցին անոր միջամտութիւնը:

Յայտնենք, որ Լիբանանէն ներս կը գործեն շուրջ 70,000 եթովպացիներ, որոնց շուրջ 50,000-ը կը պատկանին Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ: Անոնք Լիբանանի մէջ ունին եկեղեցի եւ կեդրոն, Անթիլիաս-Պիքֆայա ճանապարհին միջեւ շրջանի մը մէջ: Նկատի ունենալով, որ եթովպական համայնքը պետական ճանաչում չունի եւ հայ եկեղեցւոյ կողքին արեւելեան ուղղափառ եկեղեցական ընտանիքին մաս կը կազմէ, շուրջ 20 տարիներ առաջ կառուցուած եկեղեցին արձանագրուած է Կաթողիկոսարանին անունով, եւ անհրաժեշտութեան պարագային Կաթողիկոսարանը օգտակար կը դառնայ եթովպական համայնքին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2024, 08:00