Որոնել

Արցախի խորհդարանին շէնքը Արցախի խորհդարանին շէնքը 

Ատրպէյճանցիները կը քանդեն Ստեփանակերտի մէջ խորհրդարանի շէնքը

Օրեր առաջ, Արցախի մշակութային ժառանգութեան հսկումով զբաղող Monument Watch անկախ խումբը յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի մէջ, ատրպէյճանցիները քանդած են աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը:

Ատրպէյճանցիները կը քանդեն Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ գտնուող Արցախի Ազգային ժողովի շէնքը: Այս մասին փաստող տեսանիւթեր տարածուեցաւ ատրպէյճանական «Թելեկրամ»ի ալիքներուն վրայ:

Օրեր առաջ, Արցախի մշակութային ժառանգութեան հսկումով զբաղող Monument Watch անկախ խումբը յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի մէջ, ատրպէյճանցիները քանդած են աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը:

Փորձագէտները բազմաթիւ անգամներ ահազանգեցին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական հետքերը վերացնելու մասին: Արցախի մէջ նաեւ եկեղեցիներու խաչերը կը հանուին եւ պատմական կոթողներ կը քանդուին:

Ըստ տարբեր հաշուարկներու` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին 4000-6000 յուշարձաններ, որոնց կարգին՝ եկեղեցիներ, խաչքարեր եւ ամրոցներ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2024, 08:20