Արցախի ԱԺ-ն կը դատապարտէ ազրպէյճանի վանդալական քաղաքականութիւնը
Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմէն ու ամբողջական բռնագրաւումէն ետք վտանգուած են Արցախի միջնադարեան բազում հոգեւոր կեդրոններ, կրթահամալիրներ ու յուշակոթողներ, պատմամշակութային արժէքներ հանդիսացող շէնքեր ու շինութիւններ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Ազգային ժողովը։
«Հակառակ խաղաղութեան մասին միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ սեփական բարձրակոչ յայտարարութիւններուն՝ ազրպէյճանը անթաքոյց կը փորձէ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իր ցեղասպանական ծրագրերը եզրակէտին հասցնել: Ատիկա մասնաւորապէս կ՝արտայայտուի հայկական քրիստոնէական պատմամշակութային, ազատագրական պայքարի եւ պետականակերտման խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձաններու պղծմամբ, ոչնչացմամբ կամ ալ այսպէս կոչուած «աղուանական ծագման» յորջորջմամբ:
Վանդալութեան վերջին դրսեւորումներն են Ստեփանակերտի Աստմածամօր Սուրբ Յովանի Մայր Տաճարին պղծումը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Ազատամարտիկներու միութեան շէնքերուն հիմնայատակ աւերումը:
Ըստ զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ արժէքներու մասին 1954 թուականի Հաագայի համաձայնագրի 4-րդ յօդուածին՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանդալութեան, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեհարդարի որեւէ գործողութիւն: Թէեւ UNESCO-ի կողմէ քանի մը անգամ կոչեր հնչած են Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերջ դնելու համար եւ խոստումներ եղած են առաքելութիւն ուղարկելու, սակայն որեւէ առաքելութիւն առ այսօր այդպէս ալ չէ ժամանած Արցախ, ազրպէյճանի կողմէ արհեստական խոչընդոտներու ստեղծման պատրուակով, եւ միզազգային հանրութեան անտարբերութիւնը եւ անուշադրութիւնը ազատութիւն տուած են յարձակողի վանդալութեան՝ դառնալով տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմներու հրձիգ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կը դատապարտէ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական հետքի վերացման բարբարոսական գործողութիւնները եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն, ՀՀ իշխանութիւններէն կը պահանջէ ազրպէյճանական հակամշակութային բոլոր գործողութիւններուն փաստերը մէկ առ մէկ ներկայացնելու միջազգային իրաւասու մարմիններուն եւ ատեաններուն՝ խնդրին տալով միջազգային հնչեղութիւն»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ