Որոնել

2024.03.02 Boris Sahakyan nominato nuovo ambasciatore Armenia presso Santa Sede

Տիար Պորիս Սահակեան նշանակուեցաւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

Պորիս Սահակեան դիւանագիտական ասպարէզը սկսած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ 1998 թուականին։ Ան վարած է տարբեր պաշտօններ նաեւ արտերկրի դեսպանութիւններուն մէջ ինչպէս Աւստրիա` 2003-2006, ապա 2011-2014 Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպանութեան մէջ, հուսկ 2017-2021 թթ. Ռուսաստանի Դաշնութեան մօտ ՀՀ դեսպանութեան մէջ, 2021ին նշանակուած է Արտաքին գործերու նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրով Սուրբ Աթոռի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան նշանակուեցաւ Տիար Պորիս Սահակեանը, որ կը յաջորդէ Տիար Կարեն Նազարեանին։

Հրամանագիրին մէջ գրուած է թէ «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի և «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3-րդ մասի և 14-րդ յօդուածի. Պորիս Սահակեանը նշանակուած է Սուրբ Աթոռի Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ և լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Վատիկան)։

Պորիս Սահակեան ծնած է 19 դեկտեմբեր 1971-ին Երեւան։ 1988-1993թթ. Յաճախած է Հայաստանի ազգային փոլիտեխնիկական համալսարան, ճարտարագէտ։ 2000թ. Մասնակցած է Քիմիական զէնքի արգիլման կազմակերպութեան (Հոլանտա) վերապատրաստման դասընթացքին, իսկ 2001թ. մասնակցած է Գերմանիայի «George C. Marshall European Center for Security Studies» Անվտանգութեան ուսումնասիրութիւններու եւրոպական կենտրոնի կազմաւորման դասընթացքին։

Պորիս Սահակեան դիւանագիտական ասպարէզը սկսած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ 1998 թուականին որպէս Արտաքին գործերու նախարարութեան սպառազինութիւններու վերահսկման և անվտանգութեան հարցերու ստուգման բաժնի կցորդ, ապա վարած է տարբեր պաշտօններ նաեւ արտերկրի դեսպանութիւններուն մէջ ինչպէս Աւստրիա` 2003-2006, որպէս Երկրորդ Քարտուղար ապա 2011-2014 Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպանութեան մէջ, որպէս առաջին քարտուղար եւ խորհրդական հուսկ 2017-2021 թթ. Ռուսաստանի Դաշնութեան մօտ ՀՀ դեսպանութեան մէջ, որպէս դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ և լիազօր նախարար։

Սահակեան ստանձնած է նաեւ տարբեր այլ պաշտօններ ինչպէս 2006-2007թթ. արտաքին գործերու նախարարութեան սպառազինութիւններու վերահսկման և միջազգային անվտանգութեան վարչութեան ռազմաքաղաքական համագործակցութեան բաժնի առաջին քարտուղարի պաշտօնը, հուսկ Արտաքին գործերու նախարարութեան սպառազինութիւններու վերահսկման և միջազգային անվտանգութեան վարչութեան ռազմաքաղաքական համագործակցութեան բաժնի պետ, 2007-2010 թթ.

2021ին նշանակուած է Արտաքին գործերու նախարարութեան քարտուղարութեան խորհրդական, ապա նոյն տարուայ Յուլիսին դարձած է Արտաքին գործերու նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար մինչեւ իր այս նոր անուանումը, որպէս Սուրբ Աթոռի մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Ան կը խօսէ Հայերէն, Անգլերէն եւ Ռուսերէն։ Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2024, 09:39