Որոնել

Եւրոպական երկիրներու դրօշակներ Եւրոպական երկիրներու դրօշակներ 

Պրիւքսելը կարեւոր կը նկատէ Արցախցիներու վերադարձի պայմանները

Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը պնդէ. «ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամաններու լիարժէք կատարումը չափազանց կարեւոր է»:

Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ Արցախի հայերու վերադարձի համար պայմաններու ստեղծումն ու իրենց տուներուն մէջ անվտանգ, արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նիստի ընթացքին Եւրոպական դաշինքին անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Եւրոպական Միութիւնը հաւասարապէս կ՛ընդգծէ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու` Լեռնային Ղարաբաղ կամաւոր, անվտանգ, արժանապատիւ, կայուն վերադարձի համար պայմաններու ստեղծումը, մասնաւորապէս, իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը` առանց ահաբեկման կամ խտրականութեան», յայտարարած է Եւրոպական Միութիւնը` շեշտելով նաեւ Արցախի բնակչութեան մշակութային ժառանգութեան, սեփականութեան իրաւունքներու արդիւնաւէտօրէն պաշտպանութիւնն ու երաշխաւորումը:

Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը պնդէ. «ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամաններու լիարժէք կատարումը չափազանց կարեւոր է»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2024, 08:48