Եւրոպական խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան դրուած բանաձեւով կ՛առաջարկուի սերտել Հայաստանի` Եւրոպական միութեան անդամակցելու թեկնածութեան կարելիութիւնը
Եւրոպական խորհրդարանի երէկուան նիստին քուէարկութեան դրուած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կապերու սերտացման, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւ:
Փաստաթուղթը, որ հեղինակած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութիւնը, կը ներկայացուի իբրեւ բոլոր խմբակցութիւններու միացեալ նախաձեռնութիւն:
Բանաձեւի նախագիծին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները մասնաւորաբար կ՛առաջարկեն դիտարկել Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու կարելիութիւնը:
«Եթէ Հայաստանը շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին, ատիկա կրնայ հիմք հանդիսանալ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ փոխակերպման փուլի համար», նշուած է Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր մարմինի երեսփոխաններու միացեալ բանաձեւի նախագիծին մէջ:
Երեսփոխանները Եւրոպական դաշինքի գործադիր իշխանութիւններուն` յանձնաժողովին եւ խորհուրդին կոչ կ՛ուղղեն` աշխուժօրէն աջակցելու Հայաստանին Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ` ոչ միայն տնտեսական գործընկերութեան, այլ նաեւ քաղաքական երկխօսութեան, անվտանգութեան, մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական մարզերու համարկման ոլորտներուն մէջ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ