Արամ Ա. Կաթողիկոս իր օրհնութիւնը տուաւ «Արցախեան մշակոյթի պահպան կեդրոն»-ի ծրագիրին
Արցախի մշակութային ժառանգութեանց պահպանումը եւ փոխանցումը նոր սերունդներուն` մեզմէ իւրաքանչիւրին սրբազան առաքելութիւնն է: Նոյն նպատակին համար գոյացած է «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը:
Արդարեւ, Արցախի մէջ թէ Արցախէն դուրս մեր կոչումն է պահել արցախեան հոգեւոր եւ ազգային մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը: Ուստի յիշեալ կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած է համազգային դրամահաւաք` այս նպատակին համար, որ սկիզբ առաւ 20 փետրուար 2024-ին եւ արդիւնքները պիտի յայտարարուին 23 մարտ 2024-ին:
Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` համազգային դրամահաւաքին ողջոյնի խօսք արտասանեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան:
Իր խօսքին մէջ առաջին հերթին, Շահան արք. ողջունեց Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու կոչուած յիշեալ կեդրոնի հաստատման նախաձեռնութիւնը եւ շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Արցախի ու արցախահայութեան կողքին: Անդրադառնալով յատկապէս մշակութային մարզին` սրբազան հայրը ըսաւ. «Անթիլիասական հրատարակութիւններէն մինչեւ յատուկ համագումարներու կազմակերպումը` մեր երիտասարդութիւնն ու մեր ժողովուրդը հաղորդ պահեցինք համահայկական եւ արցախեան արժէքներուն` ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեան խորացումով»:
Իր խօսքին աւարտին Շահան արք. ընդգծեց կարեւորութիւնը «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն»-ին, որովհետեւ մշակոյթը մեր ինքնութիւնը կերտող կարեւորագոյն հիմքերէն է, որուն իւրացման եւ անոր հետ նոյնացման ընթացքով մենք պիտի կարենանք պահել Արցախը` Արցախի սահմաններէն անդին, մեր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ գործնապէս պիտի նպաստենք Արցախի մշակոյթին վերակենդանացումին եւ վերածաղկումին:
Աղբիւրը` Արցախ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ