Անթիլիասի Մայրավանքը ծաղկազարդուեցաւ հազարաւոր հայորդիներու մասնակցութեամբ
Ծաղկազարդի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով մանուկներու, երիտասարդ ընտանիքներու եւ հաւատացեալներու։ Այս իրողութիւնը ա՛լ աւելի ներշնչիչ կը դարձնէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ հոգեպարար արարողութիւնը ա՛լ աւելի կը լիացնէ հաւատացեալը։
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Միաբան հայրերէ, Դպրեվանքի ուսանողներէ, ծնողներէ եւ մանուկներէ կազմուած աւանդական թափօրէն ետք, հաւատացեալները Մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած ունկնդրեցին Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական ջերմ սիրով ողջունելէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդը, յատկապէս մանուկները, ուրախութիւն յայտնեց, որ, հակառակ մեր առօրեան խախտող տարբեր դժուարութիւններու, դարձեալ հաւաքուած ենք՝ դիմաւորելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ. «եկած ենք Քրիստոսի ներկայութեամբ մեր հաւատքը աւելի զօրացնելու եւ մեր սէրը աւելի ամրապնդելու, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով շարունակենք ապրիլ մեր քրոստոնէական ու ազգային կեանքը», ըսաւ ան։ Վերյիշեցնելով «ձգեցէ՛ք մանուկները թող ինծի գան, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մանուկներուն կը պատկանի» տէրունի պատուէրը՝ Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր ազգին ապագան կը պատկանի մեր մանուկներուն, ուստի, մեր մանուկներուն քրիստոնէական ու ազգային կազմաւորումը մեր ծնողներուն սրբազան առաքելութիւնն է, ըսաւ ան ու յանձնարարեց ծնողներուն, որ քրիստոնէական-ազգային ապրումներով ու արժէքներով թրծեն իրենց զաւակները։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը Վեհարանին մէջ ընդունեց մանուկներն ու անոնց ծնողները, որոնք աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն: Վեհափառ Հայրապետը մանուկներուն նուէրներ բաշխեց՝ տօնական օրերու սեմին ուրախութեամբ համակելով անոնց սրտերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ