Որոնել

Կազայի մէջ պատերազմ Կազայի մէջ պատերազմ  (AFP or licensors)

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու կոչ ուղղող որոշում մը. Ուաշինկթըն ձեռնպահ մնաց

Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ իր որոշումով նաեւ կոչ ուղղեց` անմիջապէս եւ առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակելու բոլոր գերիները` նշելով, որ Կազա մուտք գործող օժանդակութիւնները պէտք է աւելցնել` պահանջելով վերցնել անոնց յանձնման բոլոր խոչընդոտները:

Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն 5 ամիս ետք, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր որդեգրեց այդ առնչութեամբ իր առաջին որոշումը, որ Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու կոչ կ՛ուղղէ: Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամներուն կողմէ ներկայացուած նախագիծին թեր քուէարկեցին խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը: Միացեալ Նահանգներ ձեռնպահ մնացին:

Ռուսիա քուէարկութենէն առաջ առաջարկեց բարեփոխում կատարել եւ նախագիծին մէջ զինադադարի ակնարկին վրայ «մնայուն» բառը աւելցնել, սակայն բարեփոխման շուրջ համաձայնութիւն չգոյացաւ եւ որդեգրուեցաւ նախագիծին բնօրինակը:

Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ իր որոշումով նաեւ կոչ ուղղեց` անմիջապէս եւ առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակելու բոլոր գերիները` նշելով, որ Կազա մուտք գործող օժանդակութիւնները պէտք է աւելցնել` պահանջելով վերցնել անոնց յանձնման բոլոր խոչընդոտները:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քերի յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը բացարձակապէս որեւէ ազդեցութիւն չունի Իսրայէլի եւ Համասը հետապնդելու անոր կարողութեան վրայ»:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց իր կարգին յայտնեց. «Ապահովութեան  խորհուրդի որոշումը մեզի համար որեւէ գործնական կարեւորութիւն չունի: Միշտ պիտի ընենք այն, ինչ որ ի շահ մեր անվտանգութեան է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհուրդի որոշումը «դրական, սակայն ոչ բաւարար քայլ» որակեց:

Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Կազայի մէջ Ռամատանի ընթացքին անմիջական զինադադարի հաստատման կոչ ուղղող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը` նշելով. «Կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին թեքնիք խումբերու մակարդակով»:

«Բանակցութիւններուն որոշակի ժամանակացոյց մը չկայ, սակայն մեր գործընկերներուն հետ կը շարունակենք միջնորդական ջանքերը», նշեց նախարարութիւնը` մաղթելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը դրական կերպով անդրադառնայ բանակցութիւններուն վրայ:

Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի այլընտրանքը գոյութիւն չունի, ոչ միայն Կազայի մէջ, այլ այն բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր գործակալութիւնը կը գործէ:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները «կը շարունակուին», եւ Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի պաշտօնատարները տակաւին Տոհա են` քննարկումներ կատարելու համար:

Աղբիւրը նշեց, որ Մոսատէն փոքր խումբ մը միայն վերադարձած է Իսրայէլ` բանակցութիւններու զարգացումներուն շուրջ խորհրդակցութիւն կատարելու համար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երկուշաբթի օր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումին ընթացքին զգուշացուցած է Ռաֆահ ներխուժման վտանգներէն:

Պլինքըն «վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Համասը, ներառեալ Ռաֆահի մէջ, պարտութեան մատնելու երաշխաւորման, սակայն վերահաստատեց Ռաֆահի մէջ լայնածաւալ ցամաքային գործողութեան մը իր ընդդիմութիւնը», նշեց Միլլըր:

Նշենք, որ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որոշումի որդեգրումէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ջնջեց իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Ուաշինկթըն այցելութիւնը: Սպիտակ  տունը Նեթանիահուի որոշումին նկատմամբ «յուսախաբութիւն» յայտնեց, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զայն նկատեց «անակնկալ ու ցաւալի» որոշում մը:

Նեթանիահու նախքան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քուէարկութիւնը սպառնաց. «Եթէ Ամերիկեան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթօ չկիրարկէ, պիտի ջնջեմ իսրայէլեան պատուիրակութեան Ուաշինկթըն այցելութիւնը»:

Համասի ղեկավարած կառավարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց, որ 18 անձեր մահացած են, երբ կը փորձէին օդանաւերու կողմէ ծով եւ ցամաք նետուած օժանդակութիւնները հաւաքել: Անոնցմէ 12-ը խեղդուած են, իսկ 6 ուրիշներ հրմշտուքի պատճառով մահացած են:

Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ երէկ մեկնեցաւ Թեհրան` բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ներառեալ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ հանդիպումներ ունենալու համար:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2024, 08:38