Կազայի երեխաները գրեթէ սովի մատնուած
«Երեխաներու շրջանակին մէջ թերսնուցումը արագօրէն կը տարածուի եւ Կազայի մէջ կը հասնի աննախադէպ մակարդակի»
Կազայի հիւսիսի մէջ մինչեւ 2 տարեկան իւրաքանչիւր երրորդ երեխան ներկայիս կը տառապի սուր թերսնուցումէ:
Այս մասին յայտած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով պաղեստինեան տարածքը գործող ՄԱԿ-ի գլխաւոր գործակալութիւնը:
«Երեխաներու շրջանակին մէջ թերսնուցումը արագօրէն կը տարածուի եւ Կազայի մէջ կը հասնի աննախադէպ մակարդակի», - ըսուած է ՄԱԿ-ի պաղեստինեան փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու կազմակերպման գործակալութեան (ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակ) յայտարարութեամբ:
Կազայի հիւանդանոցները յայտնած են թերսնուցումէն եւ ջրազրկումէն քանի մը երեխաներու մահուան մասին:
Աղբիւը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
18/03/2024, 07:38